Գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ,
Առաքինազարդ քոյրեր,
Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,
Ամէն տարուան պէս դեկտեմբեր ամսոյն աւարտին՝ ուրախութեամբ կը տօնենք մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհաբեր Ծնունդը եւ ակնկալութիւններով կը դիմաւորենք նոր տարին:
Տարուան այս շրջանը կը բնորոշուի իր յատուկ բարեմաղթութիւններով: Մարդիկ սովոր են փոխադարձաբար զիրար շնորհաւորել եւ իրարու լաւագոյն մաղթանքները յայտնել: Իւրաքանչիւր մաղթանք ինքնիր մէջ կը պարունակէ փափաք մը: Փափաքը կարեւոր նկատուած իրողութեան մը, որուն կը ձգտինք եւ զոր կը բաղձանք ունենալ:
Որպէս նորօծ եպիսկոպոս Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին՝ յառաջիկայ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն սեմին, փափաքս ու բարեմաղթութիւնս ներշնչուած են սուրբ Պօղոսի կողմէ, իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսի ուղղուած խօսքէն, զոր ընտրեցի որպէս նշանաբան իմ առաքելութեանս. «Պահէ բարի աւանդը, Սուրբ Հոգիին Միջոցաւ, որ մեր մէջ կը բնակի»(Բ. Տիմ 1, 14):
Բարի աւանդը՝ Աւետիսը, բարի լուրը, սիրելիներս, իրականացումն է Եսայի մարգարէին հետեւեալ պատգամին. «Ահաւասիկ կոյսը պիտի յղանայ եւ պիտի ծնի որդի մը եւ պիտի անուանեն զինք Էմմանուէլ», որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ (Ես. 7, 14: Մտթ. 1, 23): Իր Սուրբ Ծնունդով Աստուած ինքզինք կը պարգեւէ համայն մարդկութեան դառնալով Էմմանուէլը՝ Աստուած մեզի հետ: Առ այդ իմ սրտագին մաղթանքս է որ այս տարի, ամէն հայ օճախի մէջ, Սուրբ Ծննդեան տօնը չըլլայ կրկնութիւն մը ամէն տարուան նման, մաղթանքներու եւ նուէրներու լոկ փոխանակում մը, այլ՝ այս բոլորէն վեր եւ ամէն բանէ առաջ ըլլայ իսկական Էմմանուէլին, այսինքն Աստուծոյ ներկայութիւնը ձեր ընտանիքներուն բոլոր անդամներուն սրտին, մտքին ու կեանքին մէջ: Թող ձեր զաւակներուն ակնկալածը Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, չըլլայ լոկ գոյնզգոյն թուղթերով փաթթուած ու զարդարուած նուերները, այլ մանաւանդ աշխարհ եկող Աստուածային Մանուկը որ իր կեանքով ու օրինակով, իր խօսքով թէ՝ «Ես չեմ եկած ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու» (Մտթ 20,28), յեղաշրջեց ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը եւ սկզբնաւորեց մահուան վրայ սիրոյ յաղթանակի ժամանակաշրջանը:
«Լոյս Աշխարհի» տիտղոսով լոյս ընծայած իր գիրքին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խօսելով մարդկութեան պատմութեան մէջ կայացած Աստուծոյ սիրոյ արկածախնդրութեան մասին, կ'ըսէ հետեւեալը. «Աստուած ինքզինք թաքուն չպահեց մեզմէ, այլ ինքզինք բոլորանուէր մեզի պարգեւեց մարդացեալ Յիսուսի անձին մէջ, որովհետեւ այս Մարդ Յիսուսը Աստուած է, եւ երբ Իր մասին կը խօսինք, Աստուծոյ մասին է որ կը խօսինք: Բեթղեհէմի մէջ չծնաւ միայն մարդ մը որ կապ ունէր Աստուծոյ հետ, այլ Անոր անձին մէջ՝ Աստուած ծնաւ երկրի վրայ:» Սրբազան Քահանայապետը կ'ըսէ թէ. «Յիսուսի Մարդեղութեամբ ամէն բան արմատական կերպով փոխուեցաւ, որովհետեւ Աստուած մեզ բոլորս ալ դէպի իրեն առինքնեց եւ մեզ մասնակից դարձուց իր կեանքին»:
Սուրբ Ծննդեան տօնը՝ Աստուծոյ մարդեղութեան սիրոյ արկածախըն-դրութիւնն է, որուն միջոցաւ Ան այլեւս անծանօթ չէ մեզի: Աստուած մարդացաւ որպէսզի «ամբողջ աշխարհը վերակերպարանափոխէ Իրմով»: Քրիստոսի ծնունդը ամբողջ մարդկութեան համար վերանորոգ հրաւէր է երջանկութեան: Այն օրը մեր Տիրոջ Խորհրդական Մարմնին՝ սուրբ Եկեղեցւոյ կազմաւորման պահն է: Սուրբ Ծնունդը հրաշագեղ երջանկութեան տօն է: Տօն մը՝ որ մի՛շտ այժմէական է: Անիկա սկիզբն է Քրիստոնէութեան եւ Եկեղեցւոյ, որոնցմով աշխարհէն ներս նորութիւն մը մուտք գործեց «որ ամէն բան նոր կը ստեղծէ» (Յայտ. 21, 5):
Սուրբ Ծննդեան շնորհաբեր տօնին առթիւ, կը մաղթեմ որ համերաշխութիւնը, խաղաղութիւնը, քաջառողջութիւնը եւ գործերու յաջողութիւնը անպակաս ըլլան ձեր ընտանիքներէն: Բայց այս բոլորէն ալ աւելի մաղթանքս է որ բոլորս ալ վերանորոգ տրամադրութիւններով ընդունինք Աստուածային Մանուկը մեր սրտերուն մէջ որպէս «Էմմանուէլը»՝ Աստուած մեզի հետ: Թող Անոր սէրը միշտ յաղթանակէ մեր կեանքին անցուդարձերուն մէջ, որպէսզի մենք՝ եպիսկոպոս, վարդապետներ, մայրապետներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ «ծառայենք Տիրոջ սրբութեամբ եւ արդարութեամբ մեր կեանքին բոլոր օրերուն»(Ղուկ 1, 74-75):
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս
12 Դեկտեմբեր 2011
Միքայէլ եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ թեմին