Պուրճ Համմուտ
Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արմին Վեկնըրին յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն, կազմակերպութեամբ վարժարանի նորաստեղծ տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, կրթական պատասխանատուներու ու ուսուցիչներու, երիտասարդներու, ծնողներու եւ աշակերտներու։
Հանդիսութեան
յայտագիրը ընդգրկեց բացման խօսք, որ աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Փաթիլ Մարսիմ. ապա ջութակով Մարինէ Հալլաճեան նուագեց «Օրօր»ը, որմէ ետք աշակերտներ ընթերցեցին ուղերձներ նիւթին հետ կապակցութեամբ։
Վեկնըրին կենսագրութիւնը ծանօթացնող վաւերագրական տեսաերիզէն եւ անոր հայոց ցեղասպանութեան լուսանկարներու ցուցադրութենէն ետք, օրուան բանախօս՝ աշակերտ Սագօ Հալլաճեան արժեւորեց Վեկնըրին բազմամեայ գործունէութիւնն ու Հայ դատին նպաստ բերող աշխատանքը։
Հանդիսութեան աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտութեան եւ խմբակի պատասխանու Րաֆֆի Տեմիրճեանին։