Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2008-ին, տօն Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Ծննդեան պատգամը.
Հայրապետական Պատգամ ի Տօնի
Ծննդեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
«Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ, ծնաւ իր անդրանիկ որդին, փաթթեց խանձարուրներով եւ դրաւ մսուրի մէջ, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար անոնց համար»(Ղկ. Բ. 6-7)
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ահա՛ ամէն տարի կը հաւաքուինք տօնկատարելու համար Յիսուսի ծնունդը, այս մեծ խորհուրդը, որ մեզ կը հիացնէ ամէն անգամ որ անոր մասին խորապէս մտածենք : Արդարեւ, Ս. Երրորդութեան Բ. Անձը՝ Բանն Աստուած, մարդ եղաւ, որպէսզի մեզ՝ տկարներս եւ մեղաւորներս, Աստուծոյ որդիներ դարձնէ, այսինքն՝ կերպով մը աստուածացնէ:
Այս բացառիկ շնորհքը, որ է Աստուծոյ որդիներ ըլլալ, մեր սիրտը ուրախութեամբ կը լեցնէ: Նման պարգեւ ստացողը չի կրնար այսպիսի ուրախ լուրը ինքն իրեն համար պահել, այլ կը փափաքի զայն բոլորին հաղորդել եւ իր ընկերները ուրախացնել, ինչպէս որ կը պատահի երբ մէկը փայլուն յաջողութիւն մը ձեռք ձգէ, մրցանակ մը շահի եւ կամ շքանշանի մը արժանանայ:
Այսպէս սկիզբ առաւ Եկեղեցւոյ աւետարանումի գործը, երբ տասներկու առաքեալները, ի գին բազմաթիւ զոհողութիւններու եւ հալածանքներու, սկսան ամէն մարդու եւ հրապարակաւ քարոզել Քրիստոսի գալուստը, դարերէ ի վեր սպասուած Մեսիան, որ Աստուած խոստացած էր մարդկութեան, մեր նախահայրերու մեղանչումէն ետք:
Հայ Ազգը, առաջին ժողովուրդներէն մին բախտը ունեցաւ Քրիստոսի քարոզութիւնը լսելու չորրորդ դարուն սկիզբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բերնէն, որ ինքն ալ իր չարչարանքներուն բաժինը կրեց, Տրդատ թագաւորի կողմէ, Ս. Աւետարանը քարոզելու պատճառով: Որդեգրելով քրիստոնեայ կրօնքը, հայ ժողովուրդին կեանքը բարեփոխուեցաւ, մեր պատմութիւնը ունեցաւ իր ոսկեդարը, մեր Եկեղեցին տուաւ բազմաթիւ սուրբ հայրապետներ եւ ճգնաւորներ: Եւ այսօր երկինք ունինք հազարաւոր վկաներ եւ խոստովանողներ, որոնք կը բարեխօսեն մեզի համար: Հայ Եկեղեցին, իր կարգին, ինքն իրեն համար չպահեց Աւետարանի փրկարար պատգամը, այլ զայն փոխանցեց Վրացի եւ Աղուան դրացի ժողովուրդներուն:
Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8,32): Յիսուս չի խօսիր այստեղ քաղաքային ազատութեան մասին, այլ այն ազատութեան մասին, որ կը վայելեն հաւատացեալները, Աստուծոյ որդիները, ինչ դիրքի մէջ ալ ըլլան: Այս նոր ազատութիւնը կ’արտայայտուի Աստուծոյ հանդէպ մեր եղբայրակիցներուն ծառայութիւններ մատուցանելով ինչպէս նաեւ մեզ յանձնառու կը դարձնէ հանդէպ անոնց, որոնք Յիսուսին տակաւին չեն հաւատար, իրենց ցոյց տալով յոյսի ոյժը, որ կը բխի աստուածային սէրէն եւ ոչ թէ մարդու ջանքերէն:
Յիսուս ըսաւ նաեւ. «Ե՛ս եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհ. 14,6): Յիսուսն է կեանքը, որ կ’արծարծէ սիրտը անոր որ զինք կ’ընդունի եւ կը մղէ սիրելու իր ընկերները անխտիր, անոնց տալով ինչ որ ինք ձրիաբար ստացած է եւ նախ եւ առաջ բարի լուրը, Յիսուսին գալուստը: Աւատարանումը սակայն համոզում եւ նուիրում կը պահանջէ եւ այս տեսակ նուիրում մեզ Յիսուսի բարեկամներուն շարքին կը դասէ: Չկայ աւելի վսեմ, աւելի կարեւոր եւ աւելի ստիպողական գործ, քան թէ մարդոց ձրիաբար տալ ինչ որ ձրիօրէն Տիրոջմէ ստացած ենք : Ո՛չ մէկ պատճառ չի կրնար մեզ զերծ կացուցանել այս հրապուրիչ, բայց միանգամայն ծանր պարտականութենէն, որ է՝ ուրիշներուն փոխանցել քտիստոնեայ հաւատքը, փոխանցել Քրիստոսի սէրը, ինչպէս որ ըրին Ս. Առաքեալները եւ Աւետարանի քարոզիչները իրենցմէ ետք մինջեւ այսօր:
Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչը կ’ըսէ թէ Մարիամ փաթթեց Մանուկ Յիսուսը խանձարուրներով եւ դրաւ մսուրին մէջ, որովհետեւ տեղ չկար անոնց համար իջեւանին մէջ: Սուրբ Յովհաննէսը աւելի կը շեշտէ Յիսուսին հանդէպ անհիւրընկալ կացութիւնը, երբ կ’ըսէ. «Եկաւ իրեններուն եւ իրենները զինքը չընդունեցան» (1,11): Այս հիւրամերժ վերաբերումը կը հայի նախ եւ առաջ հրեայ ժողովուրդին, բայց կը հայի նաեւ ամէն մարդու որ Յիսուսի պատգամը կը մերժէ: Արդե՞օք այս մերժումը չի վերաբերիր երբեմն մեզի, երբ ժամանակ չունինք Աստուծոյ համար, երբ ժամանակ չունինք տալու մեր ընկերոջ, որ պէտք ունի մեր օգնութեան, մեր գուրգուրանքին կամ մեր ժպիտին: Արդեօք մեր օրակարգի ցանկի վրայ Աստուած առաջի՞ն տեղը կը քրաւէ, թէ երրորդ կամ չորրորդ տեղը: Շատ զբաղումներով կը լեցնենք մեր օրը եւ ատեն չենք գտներ նոյնիսկ աղօթելու համար: Մեր միտքը եւ մեր սիրտը այնքան, ըստ մեզի, կարեւոր ծրագիրներով զբաղած են, որ ատեն չմնաց հետաքրքրուելու համար Եկեղեցւոյ ծրագիրներով, հովուական գործերով կամ բարեսիրական աշխատանքով: Միշտ պատճառներ կը գտնենք եւ զբաղումներ որ մեզ հեռու կը պահեն նման պարտականութիւններէ: Այսպէս ընողը, նման հրեայ ժողովուրդին, Յիսուսը չընդունիր, քանի ատեն չունի Յիսուսին համար, ժողովրդապետութեան գործին համար, կամ տառապեալ ընկերոջ համար:
Բարեբախտաբար տեսարանը այդքան ալ մութ չէ, քանի Աւետարանը կը վկայէ թէ. «Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իր անունին, իշխանութիւն տուաւ՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհ. 1,12): Փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր ալ կան մարդիկ, որոնք կ’ընդունին Յիսուսը եւ իրեն ժամանակ կը տրամադրեն: Կան մարդիկ, որոնք Յիսուսի լոյսը տեսնելէ ետք՝ զայն ուրիշներուն կը փոխանցեն:
Աստուծոյ փրկարար Խօսքը որ կը ստանանք Աւետարանի միջոցաւ, մեզի համար ալ ուղղուած է եւ մեր կեանքը կ’ուզէ լուսաւորել: Եթէ պարզ անհատներ ենք հովիւներու նման, կամ հանգամաւոր մարդիկ, Քրիստոսի լոյսը եւ անոր պատգամը մեզ կը հրաւիրեն դուրս գալու մեր ճղճիմ հաշիւներէն եւ մեր շահերէն, ինչպէս համոզուած քրիստոնեաները կ’ընեն, եւ ընդառաջելու Յիսուսի պատգամին, նախ իրեն երկրպագելու, ապա անոր կամքը կատարելու: Այս վերաբերումը աշխարհին դուռը կը բանայ դէպի ճշմարտութիւն, դէպի արդարութիւն եւ դէպի բարիք: Երեք ազդակներ են ասոնք որոնց մարդիկ այդքան պէտք ունին: Այս ընթացքը կը բանայ նաեւ մարդոց աչքերը տեսնելու համար, ինչ որ պիտի չուզէին տեսնել եւ լսել, այսինքն՝ տեսնելու մարդիկ որոնք զրկուած են Յիսուսի Խօսքէն եւ անոր մխիթարութենէն - եւ ասոնք բազմաթիւ են - եւ լսելու ճիչը կարօտեալներուն, առանձին ապրողներուն, կերակուր եւ դեղ չունեցողներուն, անտեսուածներուն, ուրախութենէն եւ ժպիտէն զրկուածներուն:
Ծննդեան տօնին ցնծութիւնը, որ մեր սիրտը կը լեցնէ, կ’ուրախացնէ մանաւանդ մեր երեխաները եւ աշխարհին խաղաղութեան նոր յոյս մը կը ներշնչէ, թո՛ղ հասկցնէ բոլորին՝ թէ Աստուած մեզի մօտ է, մեր մէջ կը բնակի: Ասոր համար «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» կ’երգենք սուրբ Պատարագի ընթացքին, եւ իրաւամբ կը յայտարարենք թէ Յիսուս մեզի հետ է:
Մաղթանքս է որ ծննդեան տօնը խաղաղութիւն բերէ աշխարհի բոլոր մարդոց եւ բոլոր երկիրներուն՝ Հայաստան, Ղարաբաղ, Սուրբ Երկիրը, Իրաք, եւ յատուկէն՝ այն վայրերը ուր խաղաղութիւնը վտանգուած է, ինչպէս Միջին Արեւելք եւ Հնդկաստան: Աղօթե՛նք բոլորին համար, որպէսզի անոնց ժողովուրդները չկորսնցնեն սուրբ Հոգիին յարգի տուրքը, որ է խաղաղութիւնը, որովհետեւ ան միշտ վտանգուած է:
Սիրելի Լիբանանին համար, կ’ուզեմ կրկնել սրբազան Քահանայապետին խօսքը. «Լիբանանը հին մշակոյթներու օրանն է, որ իր ճառագայթումը ունեցած է ամբողջ Միջերկրականի վրայ եւ անդին: Լիբանանցիները ցցուցին վերջերս թէ կրնան միասին ապրիլ համերաշխութեամբ: Լիբանանի բոլոր ժողովուրդին կը տածեմ գուրգուրանքի եւ վստահութեան զգացումներ, կ’ըսէ սրբազան Պապը, մաղթելով անոնց որ շարունակեն քաջաբար իրենց ճիգերը թափել՝ կառուցանելու համար միացած եւ համերաշխ ընկերութիւն մը»:
Յոյժ սիրելիներ, լաւագոյն աւետարանիչը Ս. Աստուածածինն է, որ աշխարհին հաղորդեց նոյն ինքն Յիսուսը, Մարմնացեալ Բանը: Իրեն դիմե՛նք պաղատելով, որպէսզի Յիսուսը քարոզուի ամէն տեղ եւ ընդունուի բոլոր լսողներէն: Թո՛ղ ամէն հաւատացեալ եւ ամէն քրիստոնեայ հասարակութիւն ուրախութիւնը ունենայ ուրիշներուն հաղորդելու բարի լուրը, որ կը նշանակէ Աւետարանը, որուն պատգամը սա է. «Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3,16): Այս է Ծնունդին իսկական իմաստը, որ պէտք է շարունակ կերպով վերագտնենք, զայն խորապէս ապրինք եւ ուրիշներու փոխանցենք. Ամէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ − Օրհնեալ ըլլայ Յիսուսի Ծնունդը
…Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց