Կենսագրութիւն
Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեան
(1881-1899)
Պոլսեցի: Ան Պատրիարքական Աթոռ բարձրացաւ փոթորկալից շրջանի մը մէջ ու յաջողեցաւ սրտերը ու միտքերը հանդարտեցնել իր հեզ ու դիւանագէտ բնութեամբ, երկու կողմերը գոհացնող միջին ճամբայ մը գտնելով: Ֆրանսացի ակադեմիկոս մը կ՛ըսէր. «Մեր դարուն, Արեւելքը երեք մեծ դիւանագէտ ունի», եւ անոնցմէ մին՝ Ազարեան կը կոչէ:
Արծիւեանի Աթոռը, մայրաքաղաք փոխադրելով, կը կանչուէր ընդարձակելու իր գործունէութեան ծիրը, պետական մակարդակով առաքելութիւններ ստանձնելով: Լեւոն Ժ. Պապին քահանայութեան Յոբելեանը շնորհաւորելու գացող Սուլթանին պատուիրակութեան գլուխ՝ Ազարեան Պատրիարքը նշանակուեցաւ:


Համայնքային գծով, Ազարեան 1890-ի Քաղկեդոնի օրէնսդրական Սիւնհոդոսը գումարեց եւ Պոլսոյ գաւառներուն մէջ կրթական հաստատութիւններ հիմնեց:
Հմուտ էր աստուածաբաութեան, եկեղեցական ու գիտական նիւթերու: Կը խօսէր ու կը գրէր 8 լեզուներով: Հեղինակ է հրատարակութիւններու:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ