«Ինծի հաւատացողը, նոյնիսկ եթէ մեռնի,
պիտի ապրի» (Յվհ. 11, 25):
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը
Մխիթարեան Միաբանութիւնը
Եւ Աշգարեան գերդաստանը
կը գուժեն
ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ՝
Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի
վաստակաւոր փոխանորդին մահը,
որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 յուլիս 2012-ին,
Մխիթարեան Հայրերու մենաստանին մէջ, Վիեննա:
«Եկեղեցւոյ կարգ»-ը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին,
«Սուրբ Փրկիչ», Պուրճ Համուտ: Ապա վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ընտանեկան դամբարանը:
Ժողովրդային ընդունելութիւն՝ Այնճարի հրապարակին վրայ, կ. ե. ժամը 1:30-ին:
Եկեղեցական արարողութիւն՝ կ. ե. ժամը 2-ին, «Սուրբ Պօղոս», Այնճար
(«Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան պատճառով):
Յուղարկաւորութեան կարգը՝ կ. ե. ժամը 3-ին , ազգային գերեզմանատան մէջ, Այնճար:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին կ. ա. ժամը 11-էն մինչեւ կ. ե. ժամը 1,
«Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012-ին, կ. ե. ժամը 4-7, Աղաճանեան սրահին մէջ, Այնճար:
Երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, կ. ա. ժամը 10:30-էն մինչեւ 12,30 եւ կ. ե. ժամը 4:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7,
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ժէյթաուի:
Երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, կ. ե. ժամը 5-8, Աղաճանեան սրահին մէջ, Այնճար:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել կարիքաւոր սան-սանուհիներու համար նորաստեղծ
«Հ. Վարդան Եպս. Աշգարեան» հիմնադրամին: