Պէյրութ
Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, Մարոնիթ նոր պատրիարք՝ Պշարա Պութրոս Ալ Րաիի պատուիրակութեամբ մը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ արհի. Վարդան եպս. Աշգարեանի, արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, արհի. Պօղոս արք. Գուսայի, Զմմառու վանքի մեծաւոր գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանի, կղերական դասին, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Եւթովսեա Քէշիշեանի, մտաւորական անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալներու։ Մարոնիթ պատրիարքին կ՛ընկերակցէին Ապու Ժաուտէ, Մազլում եւ Մաթար եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ անձնաւորութիւններ մարոնիթ Եկեղեցիէն։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հիւրընկալեց մարոնիթ նորընտիր Պշարա Պութրոս Ալ Րաիի պատրիարքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Հոգեւոր Տէրը բարի գալուստ խօսքին մէջ վսեմաշուք հիւրին շնորհաւորեց իր նոր գահակալութեան համար եւ ներկայացուց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմական յարաբերութիւնները հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եւ մարոնիթ Եկեղեցւոյ միջեւ հետ 18-րդ դարէն սկսեալ։ Ապա Մեծ Եղեռնէն յետոյ, հայութեան բերած մեծ նպաստը լիբանանեան ընկերութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Մարոնիթ Ալ Րաիի պատրիարքը իր կարգին խօսք առաւ եւ իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ այս շքեղ ընդունելութեան համար, հաստատելով որ հայ եւ մարոնիթ Եկեղեցիները կը միացնէ «Հաղորդութեան եւ Սիրոյ» յարաբերութիւններ, ինչպէս որ զայն յայտարարեց որպէս իր գահակալութեան բնաբանը։ Ան դրուատեց հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մեծ ներդրումը քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եւ Լիբանան հայրենիքի բարգաւաճման ի նպաստ։
Հանդիպման աւարտին, Ալ Րաիի պատրիարքը արձանագրեց հետեւեալ խօսքը պատրիարքարանի ոսկեմատեանին մէջ.
«Հրճուանքով կ՛այցելենք այս պատրիարքարանը, մեր սուրբ ժողովին անունով, ներկայացուած՝ արհիապատիւ Րոլան Ապու Ժաուտէ, Պուլոս Մաթար եւ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսներով, յայտնելու եւ փոխանակելու համար եկեղեցական հաղորդութիւնը ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հայրապետին եւ անոր գլխաւորած սուրբ ժողովին։ Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ օրհնէ այս մեր հաղորդութիւնը եւ սէրը մեր միացեալ առաքելութեան մէջ՝ հռչակելու փրկութեան աւետիսը բոլոր մարդոց»։
Հանդիպման աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գրքոյքներ նուիրեց Ալ Րաիի պատրիարքին եւ իրեն կրկին անգամ իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց մարոնիթ նոր պատրիարքին։
Հանդիպման աւարտին, երկու պատրիարքները կարճատեւ դռնբակ նիստ մը գումարեցին, ապա խմբային յուշանկար մը առնուեցաւ պատրիարքարանի բակին մէջ։