Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2012 - Րաֆֆի Ետալեանի՝ «Ակնարկ Մը Կեանքէն» ցուցահանդէսի բացում


Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան, ուրբաթ 2 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Սայֆի Վիլեճ»-ի «Փիես Իւնիք» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանի անհատական գործերուն 2-րդ ցուցահանդէսի բացումը` «Ակնարկ մը կեանքէն» թեմայով, որ պիտի տեւէ մինչեւ 17 նոյեմբեր 2012:

Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ անդրադարձաւ Ետալեանի արուեստի 20-ամեայ ուղիին: Ան գնահատեց Ետալեանի արուեստը` զինք նկատելով տաղանդաւոր արուեստագէտ մը եւ ներկայացնելով գործերը` պաստառներն ու քանդակները, շեշտը դնելով Յակոբ Մեղապարտի քանդակին վրայ:

Անոր գործերը կը գտնուին Վատիկանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկին մէջ, ուր ցուցադրուած է մեծ պաստառ մը` «Վերապրող վկաներ» թեմայով: Ետալեան անդամ է Գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու լիբանանցի արուեստագէտներու ընկերակցութեան: Ան 2006-էն ի վեր կը դասաւանդէ արուեստ` Հայկազեան համալսարանին մէջ: Անոր վերջին գործն էր Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ Յակոբ Մեղապարտի յուշարձանը, որուն բացումը կատարեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետը, իր պատմական այցելութեան ընթացքին անցեալ սեպտեմբեր 15-ին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ