Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2013 - Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պապին կոչը ստամպուլի մէջ ծափահարութեամբ դիմաւորուած է
Պէյրութ
Թրքական «ԹԱՔՎԻՄ» ամսաթերթը հրատարակած է «Պապը եւ Կեզին» խորագրեալ յօդուած մը, որուն հեղինակը՝ թուրք լրագրող Էրկիւն Տիլէր՝ Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիի ցոյցերուն կապակցութեամբ կը փորձէ մեղադրել Թուրքիոյ «ներքին թշնամիները»։ Ան կը յիշեցնէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 2008-ին, երբ կարդինալ էր, սեմինար մը կայացնելու առաքելութեամբ այցելած է Պոլսոյ Պեյօղլու թաղամասի դպրոցներէն մէկը եւ «նայելով թուրք աշակերտներու եւ ուսուցիչներու աչքերուն» - կը գրէ Էրկիւն Տիլէր - Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիօ ըսած է.- «Թուրքերը Հայոց ցեղասպանութիւնը գործեցին։ Դուք պէտք է ընդունիք ասիկա»։ Թուրք լրագրողը կը նշէ թէ Կարդինալ Պերկոլիոյի այս խօսքերուն վրայ սրահը պայթած է ծափահարութիւններու տակ եւ կ'աւելցնէ.- «Ներկայիս Պեյողլուի այս դպրոցին նմանող դպրոցները շատ են Կեզի զբօսայգիին մէջ»։
|