Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Քրիստոսի Յարութեան Սուրբ Տօնին առիթով փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
«Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռենք ողջը,
հոս չէ՛, յարութիւն առաւ»
(Ղկ. 24, 5-6)
Յոյժ սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Սուրբ Յարութեան խորհուրդը քրիստոնեայ հաւատքի կեդրոնական տեղը կը գրաւէ: Հետեւաբար, ով որ պէտք եղած կարեւորութիւնը անոր չի տար կամ Սուրբ պատարագին չի մասնակցիր այդ սրբազան օրը՝ այլեւայլ պատճառներու համար, չէ հասկցած մեր հաւատքին կարեւորագոյն կէտը եւ կը նկատէ թէ Զատկի տօնը իր սրտին չի խօսիր եւ իր կեանքին բարելաւում չի բերեր:
Բայց իրականութիւնը այն է որ Քրիստոսին Յարութիւնը լուսաւորեց եւ կը շարունակէ լուսաւորել ամէն հաւատաւոր մարդ՝ յաղթելով ցմիշտ մեղքի եւ չարի խաւարին: Այս Յարութեան լոյսն է, որ Սուրբ Գրիգորը բերաւ Հայաստան, եւ հայերը որդեգրեցին զայն եւ այնքան գնահատեցին, որ Գրիգորը կոչեցին «Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Աշխարհի»:
Հրեշտակին պատգամը այսօրուան աւետարանին մէջ կ’արձագանգէ նաեւ մեր ականջներուն, ինչպէս ժամանակին սուրբ կիներուն, որոնք շաբթուան առաջին օրը՝ առտու կանուխ, գերեզման գացին: Անոնք տխուր եւ անմխիթար էին իրենց վարդապետին ահռելի վախճանին պատճառով: Բայց ի՞նչ տեսնեն. գերեզմանի մուտքին մեծ քարը թաւալած, իսկ Յիսուսի մարմինը՝ անհետացած: Երբ շուարած մնացած էին, ահա՛ մարդ մը լուսաւոր զգեստներով երեւցաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը. հոս չէ՛, յարութիւն առաւ»: Այդ օրէն ի վեր մինչեւ օրս եւ մինչեւ աշխարհի կատարածը հրեշտակին այս խօսքերը պիտի հնչեցնեն աշխարհի չորս կողմը այս աւետիսը, որ նորանոր յոյսեր եւ ուրախութիւններ կը բերէ մարդոց:
Յիսուսի յարութիւնը դարձաւ մեր յարութեան գարւականը շնորհիւ մկրտութեան խորհուրդին, որ մեզ միացուց Իրեն եւ մեզ կարգեց Աստուծոյ որդիներ եւ Յիսուսի եղբայրներ: Մեր ներկայ ժամանակաշրջանին, որ կը տառապի բազմաթիւ մտահոգութիւններէ եւ անապահովութենէ, յարութեան դէպքը բերաւ նոր հասկացողութիւն՝ փոխեց հաւատացեալ մարդոց կեանքը եւ նոյնիսկ մարդկութեան պատմութիւնը: Քրիստոսի հաւատքով լուսաւորուած՝ Հայաստանի պատմութիւնը նոր հանգրուան մը արձանագրեց: Արդարեւ Քրիստոնեայ հայերը Ս. Աւետարանէն ներշնչուած ձեռնարկեցին նոր առաջնահերթութիւններու ու նոր ծրագիրներ եւ հինգերորդ դարը դարձաւ ոսկեայ դարը: Իսկապէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին բերած հաւատքը հիմնովին փոխեց հայոց պատմութիւնը: Երանի թէ հայորդիները այսօր ունենան նոյն զգացումները քրիստոնեայ հաւատքին հանդէպ եւ ապրին Աւետարանի համեմատ ու չտարուին աշխարհի սխսլ գաղափարներու ետեւէն:
Յարուցեալ Քրիստոսէն մարդիկ Ի՞նչ կ’ակնկալեն: Կ’ակնկալեն լոյս, ուժ եւ յոյս, նոյնիսկ անգիտակցաբար, մանաւանդ անոնք որոնք ճնշուած կ’ապրին՝ ենթակայ ըլլալով զանազան կապանքներու եւ ցաւերու: Յարուցեալ Քրիստոսը կրնայ լուծում եւ սփոփանք բերել անոնց, որոնք կը հեծեն անհանդուրժելի կացութեան պատճառով, անոնց որոնք զանազան ախտերէ կը տառապին եւ չեն յաջողիր անոնցմէ ձերբազատուիլ, անոնց որոնք տակաւին հաշտուած չեն իրարու հետ, անոնց որոնք անարդար վիճակի մատնուած են եւ անոնց որոնք խաղաղ կեանք մը կը փնտռեն, այսինքն բոլորին:
Թո՛ղ Յարուցեալ Քրիստոսի ոգին նոր ճամբաներ բանայ բարիք ընելու՝ բարւոքելու համար հազարաւոր մարդոց կեանքը, թո՛ղ նոր հաշտութեան միջոցներ ներշնչէ յաղթահարելու համար այլեւայլ խոչընդոտները եւ նոր սերունդը կազմաւորուի պատասխանատու եւ դաստիարակուի փոխադարձ յարգանքի: Այսպիսով, Քրիստոսի Յարութիւնը պիտի յայտնէ Իր հզօր ոյժը խաղաղութեան եւ մարդոց բարօրութեան նկատմամբ:
Այս ձեւով յայտնի պիտի ըլլայ, որ Յիսուս անցեալի միայն չի պատկանիր, այլ Ան կենդանի է այսօր, մեր մէջն է: Ս. պատարագի ընթացքին կ’երգենք սա նշանակալից խօսքերը. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ». Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ: Այս աղօթքը կ’ուզէ ըսել թէ Քրիստոս մեր մէջ կ’ապրի: Ուստի՝ Քրիստոս մեզմէ հեռու չի մնար, այլ Ան քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ է եւ կը խնդրէ մեզմէ, որ իրեն հետեւինք, որպէսզի վայելենք ճշմարիտ կեանքը, ճշմարիտ ուրախութիւնը եւ որպէսզի Յարութեան վրայ հաստատուած մեր յոյսը մեզ մխիթարելու ու մեզի նեցուկ ըլլալու մեր առօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին:
Այս իմաստով հասկցուած, Քրիստոսի Յարութիւնը մեր կեանքի հորիզոնէն դուրս չի մնար՝ որ, տօնը անցնելէն ետք կը գտնուինք նոյն դժուարութիւններուն առջեւ: Քրիստոսի Յարութիւնը մեզ անտարբեր չի ձգեր, որովհետեւ մեր բարի կամքովը եւ մեր համագործակցութեամբը , Ան կրնայ անընդհատ կերպով բարեփոխել մեր մտածելակերպը եւ մեր ապրելակերպը:
Քրիստոսի Յարութիւնը ժամանակավրէպ չէ, այլ միշտ ներկայ է եւ մեզի թիկունք կը հանդիսանայ ամէն անգամ որ մեր ուժերը թուլնան: Յարատեւելու եւ տոկալու համար ոչ միայն Յիսուսին ձեռքը պիտի բռնենք, այլ նաեւ իրարու ձեռքերը, որպէս Քրիստոնեայ հասարակութիւն,որպէս Քրիստոսի մէկ մարմինի անդամներ, որպէս Եկեղեցի:
«Ես ողջ եմ եւ դուք ալ ողջ պիտի ըլլաք» (Յովհ. 14,19), կ’ըսէ Յիսուս:Այս խօսքերը կը նշանակեն, թէ մենք պիտի ապրինք շնորհիւ մեր միութեան Անոր հետ որ է կեանքը, ճշմարտութիւնը եւ սէրը, այսինքն՝ Քրիստոսին հետ պիտի ապրինք եւ շնորհիւ մեր միասնականութեան իրարու հետ:
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ ներկայ Սրբազան Քահանայապետը քանի եւ քանի անգամներ յորդորեցին լիբանանցիները եւ յատկապէս անոնց ղեկավարները, որ մերժեն ամէն տեսակ բռնութեան ու հակառակութեան միջոց եւ կրկին ու կրկին փնտռեն համերաշխութեան նոր ուղիներ՝ բոլոր լիբանանցիներուն հասարակաց բարիքին համար յաղթահարելով զիրենք բաժնող տեսութիւնները եւ անձնական շահերն ու հաշիւները: Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը Լիբանանը յանձնեց Աստուածամօր մայրական հզօր պաշտպանութեան:
Մենք կ’ապրինք, որովհետեւ Յիսուս մեզ կը սիրէ: Սէրը կեանք կու տայ: «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք», ըսաւ Յիսուս: Այս համոզումներէն ներշնչուած՝ կրնանք լիաթոք երգել ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին հետ՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբ իւրով մեզ կեանս պար•եւեաց, նմա փառք յաւիտեանս. Ամէն»:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց - Օրհնեալ ըլլայ Քրիստոսի Յարութիւնը