Վատիկան
Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթելու այն երիտասարդներուն համար, որոնք պիտի մասնակցին Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրերուն Մատրիտի մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն համար։
Ընդհանրական աղօթքին դիտաւորութիւնը հետեւեալն է. որպէսզի Երիտասարդաց Համաշխարհային տօնակատարուած Օրերը Մատրիտի մէջ քաջալերեն աշխարհի բոլոր երիտասարդները արմատացնելու եւ ամրապնդելու իրենց կեանքը Քրիստոսի մէջ։
Անոր առաքելական դիտաւորութիւնը նաեւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն համար է, որպէսզի Արեւմուտքի քրիստոնեաները, որոնք հնազանդ են սուրբ Հոգւոյն գործողութեան, վերագտնեն հաւատքի թարմութիւնն ու խանդավառութիւնը։