Երեքշաբթի, 4 Մարտ 2008 - Գաբրիէլ Չեմպէրճեան եւ Ռոպերթ Ամիրխանեան Այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարանը

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Կիրակի, 2 Մարտ 2008-ին երեկոյեան ժամը 6:00ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպէրճեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաշատ երգահան եւ Հայաստանի երգահաններու միութեան նախագահ՝ Ռոպերթ Ամիրխանեանը: Մեծարգոյ հիւրերուն կÿընկերանային Համազգայինի Լիբանանի վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Լատոյեան,  «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն՝ Շահան Գանտահարեան, մտաւորական պատմաբան  Երուանդ Փամպուքեան եւ վարժարանի նախկին սաներէն Ռա‎ֆայէլ Ումուտեան: Վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստի դիմաւորեց յարգարժան հիւրերը: Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ վարժարանի տեսչական կազմի շարք մը անդամներ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալուած զրոյցի ժամանակ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ խօսեցաւ դպրոցի ներկայի եւ ապագայի ծրագիրներու մասին, ծանօթացուց ներկաները վարժարանի կայքէջին եւ ամսաթերթին, որմէ ետք հիւրերը շրջագայեցան վարժարանին մէջ:
 

 
Հանդիպման աւարտին հայրենի տաղանդաշատ արուեստագէտ Ռոպերթ Ամիրխանեանը վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ գրեց, «Հայ մանուկների հոգեւոր կերտուածքը կատարելագործող այս հրաշալի օրրանի՝ Մեսրոպեան վարժարանի անխոնջ եւ ոգեւոր անձնակազմին իմ ջերմիկ գորովանքի եւ նուիրումի զգացումներս բարեկամաբար եւ համագործակցելու անկասելի պատրաստակամու թեամբ»:

Մեծարգոյ հիւրերը վարժարանէն մեկնեցան իրենց հետ տանելով վարժարանի մասին գեղեցիկ տպաւորութիւններ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ