Ուրբաթ, 3 Մայիս 2013 - Վարդարանի աղօթք եւ քրիստոնէականի վկայագիրներու բաշխում

Զալքա

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ուրբաթ, 3 մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 6-ին, Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդարանի աղօթքը, որուն աւարտին հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ Տնօրէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց տեղւոյն ժողովրդապետ՝ հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեանին, ապա նաեւ հայր Սարգիս վարդապետ Դաւիթեանին, որոնք սիրայօժար օգնեցին հաւատացեալին կազմաւորման տասը հանդիպումներուն ընկալման: Հայր Վարդան բացատրեց հանրութեան այս հանդիպումներուն նպատակը, ապա տեղեկացուց նախատեսուած յաջորդ բանախօսութիւններու շարքին մասին եւ կարդաց Մատթէոսի աւետարանէն 28, 16-20 համարները, որոնք պիտի ծառայէին յաջորդող խորհրդածութեան: Անկէ ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուան խորհրդածութիւնը ուր քաջալերեց հաւատացեալները վկայելու անվախօրէն իրենց հաւատքին մասին: Ան շեշտեց թէ նոր աւետարանման ընթացքը սկսած է մեր եկեղեցիէն ներս եւ պտուղ պիտի տայ մեր բոլորիս վկայութեամբ: Քարոզէն ետք ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յանձնեց քրիստոնէականի հանդիպումներու մասնակիցներուն վկայագիրերը։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Աւետարանի նոր քարոզութեան գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած այս տասը հանդիպումները օժանդակեցին հաւատացեալներուն իրենց քրիստոնէականի կազմաւորման, Պուրճ Համուտի սուրբ Փրկիչ եւ Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցիներուն մէջ, շաբաթական հերթականութեամբ: Գրասենեակին վարիչն է՝ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Նշենք թէ վկայականներ բաժնուեցան 40 հաւատացեալներու, որոնք մասնակցեցան այս հանդիպումներուն, յատուկօրէն կազմակերպուած Հաւատքի Տարւոյն առիթով:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ