Պէյրութ
Փարիզի սուրբ Խաչ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդութիւնը ցաւով կը գուժէ հայր Գէորգ վարդապետ Չանտրիի մահը, որ պատահեցաւ 15 ապրիլ 2015-ին Պրիւքսէլի մէջ:
Լուսահոգի վարդապետը եղած էր նախ Մարտինի (Թուրքիա), ապա Պաղտատի (Իրաք) եւ հուսկ Գամիշլիի ժողովրդապետ, նախքան ժամանումը Ֆրանսա, ուր յաջորդաբար եղած է ժողովրդապետ Վալանսի, Սէն Շամոնի եւ Լիոնի մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 22 ապրիլ 2015-ին, Պրիւքսէլի մէջ:
Հայ Կաթողիկէ կայքէջին տնօրէնութիւնը խորապէս կը ցաւակցի լուսահոգի վարդապետի ընտանիքին եւ իր նախկին ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալ հասարակութիւններուն: