Չորեքշաբթի, 23 Յուլիս 2014 - «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավարը ՀԿ Պատրիարքարանի մէջ

 

Պէյրութ

 

 

 

 

 

 

Երեւանի «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավար՝ Արթիւր Դումայեան եւ Մուշեղ Լալայեան, որոնք Հայկազեան Համալսարանի հրաւէրով կը գտնուին Լիբանան, 23 յուլիս 2014-ին այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ:

Հանդիպումի հիմնական նիւթն էր կրթական ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնները գալիք օրերուն:

Իր կարգին Արթիւր Դումայեան նշեց, որ հիմնադրամը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ յատկապէս ազգային ներուժի բացայայտման, սփիւռքի մտաւոր կարողութիւններու ներգրաւման գործընթացներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սարգիս Նաճարեանը եւ Վարդան Թաշճեան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ