Պէյրութ, Լիբանան
Երեքշաբթի՝ 13 Նոյեմբեր 2007ին երեկոյեան ժամը 5:00ին, Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն երեկոյեան ժամը 5:00ին այցելեց Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքին որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Հաւաթեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան:
Քննարկումի նիւթ դարձան նախագահական ընտրութեան հարցը եւ այդ առնչութեամբ երկրին քաղաքական բեմին վրայ արտայայտուող կեցուածքները:
Հոգեւոր Տէրը շեշտեց որ լիբանանեան ներքաղաքական տա•նապէն դուրս •ալու համար հարկ է անպայման լիբանանցիներուն միջեւ համա•ործակցութիւնը եւ համախոհութիւն որ պիտի նպաստէ բոլոր լիբանանցիները ներկայացնող նախագահի մը ընտրութեան:
Յակոբ Բագրատունեան իր կարգին յայտնեց թէ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին կը մասնակցի, եթէ սահմանադրութիւնը յարգուի եւ խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդին ներկայութեան կայանայ այդ նիստը: