Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2012 - Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոս


Հռոմ

Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, 6-էն 13 մարտ 2012։ Սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներ՝ Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Պարսկաստանէն, Յունաստանէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։
Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքը յուզող հովուական, ծիսական եւ դաստիարակչական հարցեր։ Ժողովին որոշումներ առնուեցան թեմերու եւ ժողովրդապետութիւններու վերակազմակերպման գծով:
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդները, Հռոմ իրենց կեցութեան ընթացքին, առիթը ունեցան հանդիպելու Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին, հանրային ունկնդրութեան մը ընթացքին, չորեքշաբթի՝ 7 մարտ 2012-ին։ Սիւնհոդոսական հայրերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին սրբազան քահանայապետին, որ փափաքեցաւ այցելել Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան մայր աթոռ՝ Զմմառու Տիրամօր վանքը, իր առաքելական յաջորդ այցելութեան ընթացքին Լիբանան։ Սիւնհոդոսական հայրերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Միջին Արեւելքի անկայուն կացութեան նկատմամբ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի քրիստոնեաներու դիմագրաւած հոգեւոր ու տնտեսական դժուարութիւններուն, կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն պահելու իրենց յոյսը եւ կառչած մնալու իրենց հաւատքին եւ հայրենիքին, վստահելով Աստուծոյ ողորմութեան։

http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=571513

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան
Ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ