Երեւան
28 մայիսին, Սարդարապատի յուշահամալիրի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ, Հանրապետութեան տօնին առթիւ տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին, Նախագահական հրամանագրով պարգեւ եւ կոչում ստացողներու շարքին էր նաեւ Ճեզիրէի շրջանին առաջնորդական փոխանորդ՝ գերյարգելի Անդրանիկ ծ.վ. Այվազեանը, որ պատգեւատրուեցաւ Մովսէս Խորենացիի մետալով:
Հայ Կաթողիկէ ընտանիքն ու կայքի անձնակազմը կը շնորհաւորեն հայր Անդրանիկ ծ.վ. Այվազեանը՝ իր պարգեւատրման առթիւ: