Մոնրէալ
31 Մայիս 2014-ին, Մոնրէալի «Տիրամայր Նարեկի» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան ջերմեռանդութեան փակման սուրբ Պատարագ, զոր մատուցեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերյ. Գէորգ ծ.վ. Զապարեան: Յաւարտ սուրբ Պատարագին կատարուեցաւ Աստուածամօր սրբապատկերով թափօր եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: