Պէյրութ
Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ երեքշաբթի, 28 յունուարի երեկոյեան ընդունեց Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի խորհուրդի երկու ներկայացուցիչներ՝ տիարք Սեւակ Արծրունի եւ Վարդան Թաշճեան, ի ներկայութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման պատրիարքական յանձնախումբի անդամներէն՝ Պր. Սարգիս Նաճարեանի եւ Կրէկուար Գալուստի։
Հիւրերը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուցին այն հաւաքի մասին, որ տեղի ունեցած է 18 յունուար 2014-ին, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի «Ալպա Անգարա» հիւրանոցին մէջ, «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ 2015-ի հեռանկարին» խորագրով եւ կազմակերպութեամբ Անգարայի Մտքի Ազատութեան Նախաձեռնութեան եւ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարին (ԱԱՀ)։ Անոնք անդրադարձան հաւաքի եզրափակիչ յայտարարութեան, ուր նշուած է թէ հաւաքին խօսք առած են Թուրքիոյ մտաւորականութեան տարբեր շրջանակները ներկայացնող ազգութեամբ հայ, ասորի, ալեւի, թուրք եւ քիւրտ ծանօթ պատմաբաններ, ակադեմականներ, իրաւաբաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ, որոնք վեր առած են Հրանդ Տինքի աւանդը՝ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան եւ պատմական ճշմարտութիւններու վերահաստատման ի խնդիր պայքարին մէջ։ Անոնք միաժամանակ շեշտած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան եւ Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին կրած բարոյական եւ նիւթական վնասներու հատուցման անժամանցելիութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են 1915-ի Ցեղասպանութենէն տուժած ժողովուրդներու պահանջատիրութեան։ Հաւաքի եզրափակիչ յայտարութեան մէջ, մասնակիցները ներկայացուցած են տասնեակ մը առաջարկներ «1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ»։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացի շրջագիծէն ներս ԱԱՀ.ի ծաւալած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները, եւ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան վերաբերեալ հիմնահարցեր, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր համայն Հայութիւնը։ Ամենապատիւ Հոգեւր Տէրը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը ամէն նախաձեռնութեան որ կը նպաստէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնումին ու հատուցման եւ շեշտեց նման նախաձեռնութիւնները միասնական շարքերով կատարելու հրամայականը։
Դիւան հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի