Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2007 - Մամլոյ Լսարան՝ «Հայ Ելեկտրոնային Մամուլի Հեռանկարները» Նիւթով

Պէյրութ, Լիբանան

 
Երեքշաբթի, 26 Յունիս 2007ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Պրն. Ժիրայր Պէօճէքեանի հետ, որ ներկայացուց  ելեկտրոնային մամուլ հասկացողութիւնը, արհեստագիտական միջոցներու զարգացումով այդ մամուլին ապրած արագընթաց յառաջդիմութիւնը, հայ ելեկտրոնային մամուլի ներկայ կացութիւնն ու հեռանկարները:

Պրն. Ժիրայր Պէօճէքեան ներկայիս պատասխանատու է Պոսթընի «Հայրենիք Մետիա»ի կայքէջերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»ի կայքէջի լսատեսողական բաժինին:

Ան նշեց թէ ներկայիս համացանցային կայքէջերը սկսած են տիրական ու փնտռուած դառնալ աշխարհին մէջ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ամէն ինչ կապուած է համացանցին:

Իսկ գալով Հայ մամուլին, Ժ. Պէօճէքեան նշեց որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող թերթերու կայքէջերը ընդհանրապէս նիւթերուն նոյնութեան տեղադրումն են համացանցին վրայ, սակայն ելեկտրոնային մամուլը այլ պահանջներ ունի, եւ անոնց յարմարելու համար հայ մամուլը պէտք է համապատասխան աշխատանք տանի, արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններէն օգտուի, լուրերու հաղորդման յատուկ ձեւեր օգտագործէ, որպէսզի գիրը, ձայնն ու երիզը միանան եւ ընթերցողին կարենան մատուցել այն, ինչ որ այսօր արդէն օտար մամուլի ճամբով տրամադրուած է իրեն:Օրուան դասախօսը շեշտեց կայքէջերը իրար կապելու կարեւորութեան մասին օրինակ բերելով «Հայրենիք» եւ« Ազդակ» օրաթերթեու կայքէջերու կապուածութիւնը որ անպայման կ՛աշխուժացնէ Հայաստան-Սփիւռք կապը:

Մամլոյ այս յատուկ լսարանին իր մասնակցութիւնը բերաւ Անի Գալէնտէրեան իբրեւ աշխատակից Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջին:     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ