Երեւան
19 երկրներ ներկայացնող շուրջ 90 մանկավարժներ մասնակցած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած վերապատրաստման ամառնային դասընթացքներուն: Դասընթացքներու նպատակն է ոչ միայն բարձրացնել ուսուցիչներու որակաւորումը, այլեւ ծանօթացնել կրթական համակարգին մէջ իրականացուող փոփոխութիւններուն: 6 Օգոստոս 2011-ին, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ ոսկէ մետալով պարգեւատրուած է նաեւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի բրոֆեսսոր Ջուլիեդա Կիւլամիրեանը՝ հայ սերունդի հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ մեծ ներդրումին համար:
Աւելի մանրամասնութեանց համար, կարելի է դիտել տեսանիւթը հետեւեալ հասցէն այցելելով՝
http://www.shanttv.com/am/local/news/2011_08_06/2061/7694/