Պէյրութ
Հոկտեմբեր 2013-ին լոյս տեսաւ հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի «Խորհիմ» խորագրով նորատիպ գիրքը, բաղկացած 38 գլուխներէ, որոնք կը համապատասխանեն այբուբենի 38 տարերուն: Բառարանային դասաւորումով կազմուած այս հատորը կ'առաջնորդէ ընթերցողը «կարծիք տալու» եւ խորհրդածելու շատ մը բառերու մասին, «դասաւորուած այբենական կարգով...»:
Այս նոր հատորը կը հանդիսանայ ծայրագոյն վարդապետին մտածումներն ու խորհրդածութիւնները ամփոփող էջերու եւս մէկ հրատարակութիւնը, որ վստահ ենք մեծ հաճոյքով պիտի կարդացուի ամէն տարիքի ընթերցասէր հասարակութեան կողմէ:
Վարձքդ կատար՝ Հայր Անդրանիկ: