Էջմիածին
9 Սեպտեմբեր 2011-ին, Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մօտ Անդրկովկասի ընթացաւարտ պապական նուիրակ գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճէրոթթին։
Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսաւոր արարողութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ Եկեղեցւոյ Սբ Ներսէս Շնորհալի պատուոյ բարձր շքանշանը յանձնեց գերապայծառ Կուճէրոթթիին, գնահատելով Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ անոր ազնիւ վերաբերմունքը եւ մատուցած օգտակար ծառայութիւնը։
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Գարեգին Բ. վեհափառին հայրապետական սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ անդրադարձաւ տասը տարիներ շարունակ պապական նուիրակի տարած գործունէութեանը Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ այն ջանքերուն ի սպաս եղբայրական համագործակցութեան քոյր Եկեղեցիների միջեւ՝ յանուն հաւատքի զօրացման եւ քրիստոնէական հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ամրապնդման։
Ապա արքեպիսկոպոս Կուճէրոթթի շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (բարձր պարգեւի համար) ջերմ զգացումով վերյիշեց հայ մշակոյթի եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի հետ ունեցած իր առաջին առնչութիւնը, ներկայացուց իր կեանքի ուղին եւ ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ։
Արարողութիւնը եզրափկուեցաւ Ամենայն Հայոց հայրապետի օրհնութեան խօսքով, որով մասնաւոր կերպով անդրադարձաւ Գլաուտիօ Կուճէրոթթի արքեպիսկոպոսի նուիրեալ եւ օգտաշատ ծառայութեանը ի նպաստ Հայաստանին, եւ վերստին իր գնահատանքը յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած անոր ջերմ վերաբերմունքին համար։