Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2011 - Արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի գահակալութիւն


Պրուքլին, Միացեալ Նահանգներ

Կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2011, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմին նոր առաջորնդ արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի գահակալութեան հանդիսութիւնը։ Այս առիթով մատուցուեցաւ հայրապետական սուրբ Պատարագ, Պրուքլինի Լատինաց Սէնթ Ճէյմս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ պաշտօնաւարտ առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, որ ներկայացուց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, ինչպէս եւս Արեւելեան Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Վրաստանի առաջնորդ արհիապատիւ հայր Ռափայէլ եպս. Մինասեանի։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Պրուքլինի առաջնորդ՝ արհիապատիւ Նիքոլա Տի Մարցիո եպիսկոպոսը, Ամերիկայի հայ առաքելական արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Օշական արք. Չոլոյեան, գերշ. Եղիշէ արք. Գիզիրեան, վաստակաւոր առաջնորդ Անգլիոյ, որ կը ներկայացնէր գերշ. Խաժակ արք. Պարսամեանը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելքցի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարի նախագահ՝ Ճոն եպս. Քուտրիք, Մարոնի առաջնորդ՝ Կրէկորի եպս. Մանսուր, Ուքրանացի առաջնորդներ՝ Պասիլ եպս. Լոստըն եւ Ուիլիամ եպս. Սքուրլա, Պապական դեսպանատան խորհրդատու՝ գերպծ. Անճէլո Աքքադդինո, որ կը ներկայացնէր պապական նուիրակը, հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ կղերը, Անարատ Յղութեան քոյրեր եւ զանազան նահանգներէ ժամանած հաւատացեալներ։ Ներկայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան մնայուն դիտորդ՝ պր. Կարէն Նազարեանը իր տիկնոջ հետ, ինչպէս նաեւ հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Պատարագիչին առընթերականերն էին թեմին ընդհանուր փոխանորդ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Զապարեան եւ թեմին դիւանապետ գերյ. Ռափայէլ ծ.վ. Անտոնեան։ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց ԱՄՆ-ի զանազան ժողովրդապետութիւններէ համախմբուած երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Դերենիկ Դերճանեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ուիլիամ Մարրայի։
Պատարագի սկիզբը, ծիսական աղօթքներէն ետք, պապական նուիրակին ներկայացուցիչը ընթերցեց արհիապատիւ հայր Միքայէլ Մուրատանի եպիսկոպոս նշանակման քահայանապետական կոնդակը։ Որմէ ետք արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեան յանձնեց նոր առաջնորդին սուրբ Գիրքը՝ որպէս խորհրդանիշ անոր ուսուցանելու պաշտօնին, եւ եպիսկոպոսական գաւազանը՝ որպէս խորհրդանիշ անոր հովուական իշխանութեան, միանգամայն առաջնորդելով զինք դէպի եպիսկոպոսական գահը։ Այս արարողութենէն ետք, արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեան փոխանցեց իր պատգամը, ուղղուած նոր առաջնորդին, մատնանշելով անոր նուիրական պաշտօնը հովուելու, ուսուցանելու եւ սրբութեան առաջնորդելու իր հոգեւոր հօտը։ 
Սուրբ Պատարագի հանդիսութեան աւարտին, Պրուքլինի առաջնորդ՝ արհի. Նիքոլա Տի Մարցիո եպիսկոպոսը խօսք մը ուղղեց նոր առաջնորդին, իր գնահատանքը յայտնելով վաստակաւոր առաջնորդին՝ արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեանին։

Հոգեւոր արարողութեան յաջորդեց երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթը, Քուինզի «Terrace on the Park» ճաշասրահին մէջ։ Այս առիթով, արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան փոխանցեց ողջոյնն ու բարեմաղթութիւնները ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ համայն հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին։
Ընդհանուր փոխանորդ Պրուքլինի թեմին՝ արհիապատիւ Ֆրանք Գաճճիանօ, իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ իրենք որքան ուրախ եւ հպարտ կը զգան, որ Արեւելեան կաթողիկէ թեմ մը հաստատուած է իրենց սահմաններուն մէջ, բաղձալով որ համագործակցութիւնն ու եղբայրական ոգին, որ յատկանշած էր յարաբերութիւնները նախկին առաջնորդին հետ, շարունակուին եւ առաւել սերտանան նորին հետ։
Վաստակաւոր առաջնորդ՝ արհի. Մանուէլ եպս. Պաթագեան, որ մեծաւորը եղած էր նոր առաջնորդին Զմմառու դպրեվանքին մէջ, նշեց անոր բարեմասնութիւնները, անոր երիտասարդ տարիքին առաւելութիւններն ու նախաձեռնութեան ոգին, եւ յորդորեց ներկաները որ իրենց բոլոր միջոցներով աջակցին անոր հետ, համայնքին հոգեւոր ու մարդկային կարողութիւնները բազմապատկելու համար։
Իսկ նոր առաջնորդը՝ արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց բոլորին կողմէ ցուցաբերած բարի կամքի արտայայտութիւններուն համար եւ յայտարարեց թէ ոչ մի ջանք պիտի խնայէ համայնքին բոլոր ուժերը մէկտեղելու, խիզախ քայլեր առնելու եւ նոր թափ տալու այլեւայլ մարզերու մէջ գոյութիւն ունեցող գործունէութիւններու։ 
Ճակման գոհաբանական խօսքն ու աղօթքը կատարելու հրաւիրուեցաւ գերշ. Օշական արք. Չոլոյեան, որ իր ոգեւորիչ ոճով անդրադարձաւ իր եղբայրական սերտ յարաբերութիւններուն մասին Պաթագեան եպիսկոպոսին հետ եւ վստահեցուց, որ նոյն ջերմութեամբ պիտի շարունակուին յարաբերութիւնները նոր առաջնորդին հետ, առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներուն առջեւ տալով միասնականութեան ու համագործակցութեան վկայութիւնը, շինիչ օգուտ բերելով Ամերիկայի հայ գաղութին։  

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ