Կիրակի, 28 Յունիս 2015 - Հրաժեշտի Պատարագ երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ

 

 

Պէյրութ

28 յունիս 2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 4-ին հաւատացեալներու բազմութիւն մը եկած էր Աւետման Սրբոյ Կուսին եկեղեցին իր վերջին հրաժեշտը տալու երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն մարմինը ամփոփող դագաղը հիւանդանոցէն հանդիսաւոր թափօրով, քահանայ հայրերու կողմէ ուսամբարձ փոխադրուեցաւ մինչեւ եկեղեցւոյ մուտքը ուրկից յանձն առնուեցաւ եպիսկոպոս հայրերուն կողմէ եւ զետեղուեցաւ խորանին դիմաց:

Տան կարգի արարողութեան յաջորդեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը զոր մատուցանեց Պատրիարքական կառավարիչ Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան, մասնակցութեամբ արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ քահանաներուն: Պատարագին ներկայ գտնուեցան ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եունան Պատրիարքը իր հետ ունենալով ասորի կղերականներ: Ներկայ էին նաեւ ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր Դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

Յընթացս սուրբ Պատարագին քարոզեցին արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան՝ հայերէն եւ արհիապատիւ Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեան՝ արաբերէն:

Պատարագի աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը յարգանքով մօտեցան խոնարելու երանաշնորհ Հայրապետի դագաղին առջեւ իբրեւ վերջին հրաժեշտ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ