Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2011 - Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճանի Տուչութիւն հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեանին

Փարիզ
 
Շաբաթ 19 Նոյեմբեր 2011, ժամը 18.30-ին, Արնուիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեան, եւ որուն ընթացքին նշուեցաւ անոր քահանայութեան 25-ամեայ յոբելեանը, նախագահութեամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ տէր Գրիգոր եպս. Կապրոյեան։

Իսկ Կիրակի 20 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ, գերապատիւ հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեանի քահանայ ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանի առթիւ, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, արհիապատիւ տէր Գրիգոր եպս. Կապրոյեան ծայրագոյն վարդապետի աստիճան շնորհեց յոբելեար վարդապետին, յանձնելով անոր լանջախաչն ու մատանին, առ ի գնահատանք անոր 25 տարիներու եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն մատուցած ծառայութեան համար ըլլայ Լիբանանի մէջ, ըլլայ նաեւ այս վերջին տարիներուն Փարիզի ու Արնուիլի ժողովրդապետութիւններու մէջ։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ