Ռաուտա, Լիբանան
Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրուան առիթով, կիրակի, 22 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի (Լիբանան- Պէյրութ) ուխտատեղիին շրջափակը ողողուած էր մեծ թիւով հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ օրհնուած վարդերը իրենց տուները տանելով աւելի եւս ամրապնդուելու իրենց հաւատքին մէջ:
Այս առիթով սուրբ Պատարագը մատուցեց հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան, որ իր քարոզին մէջ վեր առաւ անշահախնդիր եւ անփոխարէն հաւատալու եւ մնայուն կերպով աղօթելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան խօսեցաւ սրբուհի Ռիթայի ապրած կեանքին, անոր մղած քրիստոնէական պայքարին, ամուր հաւատքին եւ իր ամէնէն սիրելիներն իսկ զոհաբերելու պատրաստակամութեան մասին` դիտել տալով, որ կարելի է արդարօրէն ըսել, թէ սրբուհի Ռիթա Մարիամ Աստուածածինի հետեւորդն է: Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան հաստատեց, որ սրբուհի Ռիթա ապրեցաւ եւ տառապեցաւ իբրեւ մայր ու կին` իր կեանքով հերոսական առաքելութիւններու տիպար հանդիսանալով:
Ուխտի եւ Աստուծոյ ու սուրբերուն դիմելով ֆիզիքական բուժում հայցելու երեւոյթին անդրադառնալով` քարոզիչ վարդապետը հաստատեց, որ թէեւ ամէն տեսակի հրաշք կարելի է, սակայն պէտք է մնայուն կերպով հաւատանք, աղօթենք, մեր ուխտաւոր ըլլալը միայն առիթներով չդրսեւորենք, այլեւ մեր առօրեան ապրինք իբրեւ տիպար քրիստոնեաներ, որոնք լաւապէս կը գիտակցին, թէ իրենք աշխարհի քաղաքացի չեն, այլ` երկինքի: Ան դիտել տուաւ, որ մարդուն ուղին խաչին ճամբան է, որուն պէտք է ձգտի մարդ իր կեանքին ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն` հաւատալու առանց ակնկալութեան, միշտ վստահելու Աստուծոյ ու սուրբերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց զօրութեան դրսեւորման եւ հրաշքներուն արժանի ըլլալ: Իր խօսքը աւարտելով ան դիտել տուաւ, որ օրհնուած վարդերուն վրայ Աստուծոյ օրհնութիւն կ՚իջնէ եւ զանոնք մեր բնակարանները տանելով այդ օրհնութիւնը կը տարածուի նաեւ հոն:
Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն: