Վատիկան
Երեքշաբթի 9 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Տիեզերական Եկեղեցւոյ ԺԳ սիւնհոդոսական ժողովին երկրորդ օրը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հետեւեալ խօսքը ուղղեց եպիսկոպոսական նիստին:
«Սրբազան Հայր,
Արհիապատիւ սիւնհոդոսական հայրեր,
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ի Քրիստոս,
Հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, զոր այս սիւնհոդոսը կ՚ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն։
Հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն։ Իրօք, Տէրը ղրկեց աւետարանիչ մը՝ սուրբ Գրիգորը, որ Լուսաւորիչ անունը կրեց, որովհետեւ ան լուսաւորեց հայերը սուրբ Աւետարանի լոյսով, ինչ որ մղեց զանոնք ընդունելու պաշտօնապէս քրիստոնեայ կրօնքը 301-ին եւ ի հարկին զոհուելու անոր համար։
Աստուած հետեւեցաւ այս ժողովուրդին մինչեւ մեր օրերը, որպէսզի արմատացնէ անոր մէջ հաւատքի աստուածային գանձը դարերու ընթացքին։
406 թուականին, Մեսրոպ Մաշտոց անունով վանական մը հնարեց հայոց լեզուի այբուբէնը, թարգմանելու համար Աստուածաշունչը ժողովուրդին լեզուով, զայն աւելի հասկնալի դարձնելու համար։
Ծանր փորձութիւն մը կը սպասէր հայ ժողովուրդին։ Պարսից թագաւորը՝ Յազկերտ Բ., որ կը ցանկար Հայաստանը լարել քրիստոնեայ Բիւզանդիոնին դէմ, չկարենալով համոզել հայ իշխանները, անոնց դէմ պատերազմ մղեց 451-ին՝ անոնց պարտադրելու համար մազտէական կրօնքը եւ զանոնք Բիւզանդիոնէն անջատելու դիտաւորութեամբ։ Յազկերտ յաղթեց պատերազմը, սակայն նկատելով հայերու բուռն ընդդիմութիւնը, ստիպուած հրաժարեցաւ իր ծրագիրէն եւ անոնց ձգեց ազատութիւնը պահելու իրենց կրօնքը։ Հայերը կորսնցուցին պատերազմը, սակայն փրկեցին իրենց քրիստոնեայ հաւատքը։ Այս դիւցազներգութիւնը, որ իրագործեցին սուրբ Վարդան եւ իր նահատակ զինակիցները, կը հաստատէ քրիստոնէական հաւատքի վերջնական արմատացումը հայ ժողովուրդին մէջ։
11-րդ եւ 12-րդ դարերուն, հայ Եկեղեցին ունեցաւ մեծ աստուածաբաններ, ինչպէս՝ Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Ներսէս Լամբրոնացին եւ ուրիշներ, որոնք խորացուցին քրիստոնէական հաւատքը եւ մերժեցին հերետիկոսութիւնները, որոնք կը շրջէին եւ իրենց գրութիւններով կը լեցնէին հայ եկեղեցական գրականութիւնը։
Ալ աւելի ծանր փորձութիւն մը ապրեցաւ հայ ազգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, երբ շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան 1915 թուականին։ Այս նահատակներուն գլուխն էր Մարտինի արքեպիսկոպոս՝ Իգնատիոս Մալոյեանը։ Եկեղեցին ճանչցաւ այս եղելութիւնը որպէս «հաւատքի դէմ եւ ցեղային ատելութեան արարք», եւ Իգնատիոս Մալոյեան Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ 2001-ին։ Որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչցուած այս եղելութիւնը կրկին անգամ ցոյց կու տայ հայոց կառչումը, մինչեւ արեան զոհողութիւն, Քրիստոսի հաւատքին եւ սուրբ Աւետարանին։
Այստեղէն կ՚եզրակացնենք, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը նմանի պատմութեան այն ժողովուրդին, որ կը պայքարի Քրիստոսի եւ սուրբ Աւետարանի հաւատքը պահելու համար, նոյնիսկ իր արեան գնով, զայն սեպելով իր ամենամեծ գանձը։
Աստուած, որ երբեք չլքեց հայ ժողովուրդը, մանաւանդ կրօնական հալածանքներուն ընթացքին, այսօր եւս զինք չի լքեր։ Աստուծոյ հանդէպ այս վստահութիւնը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար է, որոնց համար Յիսուս եկաւ զոհելու իր կեանքը։
Եկեղեցւոյ կոչը կենդանի հաւատքը ապրելու եւ տարածելու պարտաւորութիւնը Վատիկանի Բ. Ժողովէն ի վեր, եւ որուն յաջորդեցին Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերը, նոր մղում մը ստացաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ՝ այս Սիւնհոդոսի գումարումով եւ Հաւատքի Տարիի հռչակումով։ Ասիկա նոր հանգրուան մըն է, որ կը խթանէ մեզ կրկնապատկելու կորովը, գտնելու համար նոր եւ համոզիչ միջոցներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հաւատքը եւ կը ներգրաւեն ոչ մկրտեալները կեանքի օրինակին հետեւելով եւ Աստուծոյ Խօսքը հռչակելով։ Շնորհքի հատուցում է, ուր վախն ու երկիւղը տեղ չÿունին, որովհետեւ մենք չենք կասկածիր Քրիստոսի խօսքերուն, որ խոստացաւ մեզի հետ մնալ մինչեւ աշխարհին կատարածը (տես. Մատթ 28, 20)։
Շնորհակալութիւն ձեր ունկնդրութեան համար»։