Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2009 - Լիբանանի անկախութեան 66-ամեակ
Լիբանան
Լիբանանի հանրապետութեան անկախութեան 66-ամեակին առթիւ, հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան մասնակցեցաւ լիբանանեան բանակի կազմակերպած տողանցքին Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, ապա պաշտօնական շնորհաւորութիւններու ընդունման աւանդական ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ։
Այս առթիւ նաեւ, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Գ. Հարպոյեան վարժարանները հանդիսաւոր կերպով նշեցին Լիբանանի հանրապետութեան անկախութեան 66-րդ տարեդարձը։
|