Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան
28 մարտ 2011
Յայտարարութիւն
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը խստօրէն կը դատապարտէ Կիրակի առաւօտ Ասորի ուղղափառ Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ռմբահարման անարգ ոճիրը` Զահլէի մէջ եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Ասորի ուղղափառ համայնքի զաւակներուն եւ շրջանի ամբողջ բնակչութեան` հաւատքի պաշտպանութեան ու խաղաղ համակեցութեան հանդէպ իրենց անսասան յանձնառութեան մէջ:
Աղօթքի վայրերու եւ կրօնքի խորհրդանշաններու դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն, առաւել եւս` բռնարարք, կը համարենք անընդունելի: Նման թշնամական արարքներ ձախողութեան դատապարտուած մարտահրաւէրներ են ընդդէմ մարդկային բարոյականութեան եւ տրամաբանութեան, ընդդէմ բոլոր կրօններու քարոզած այլասիրութեան եւ խաղաղասիրութեան ուսմունքներուն, որոնց գործադրութեան կարիքը այնքան կը զգացուի այսօրուան աշխարհին մէջ:
Ասորի ուղղափառ Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումը ուղղուած է Զահլէի ու Պեքայի շրջանին եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական համերաշխութեան, խաղաղ համակեցութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան դէմ: Նաեւ` անիկա յարձակում մըն է ընդդէմ քրիստոնէութեան: Կոչ կ’ուղղենք բոլոր լիբանանցիներուն շրջահայեացօրէն եւ ամուր հաւատքով դիմագրաւելու նման փորձութիւններ` առիթ չտալու համար, որ խառնակութեան դրդող ուժեր յաջողութիւններ արձանագրեն իրենց նպատակներուն մէջ:
Գոհունակութիւն կը յայտնենք դէպքին առիթով երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան արագ արձագանգին համար եւ կը մաղթենք, որ ապահովական ուժերը կատարեն անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները` արագօրէն բացայայտելու համար անոր պատասխանատուները:
դիւան hայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի