Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2012 - Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթք


Պէյրութ

Կիրակի, 29 յունուար 2012, Աշրաֆիէի «սուրբ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթք, երեկոյեան ժամը 7-ին։ Հանդիպման բացման խօսքը փոխանցեց պրն. Ապուտ Պօղոս, ապա սուրբ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց հայ կաթողիկէ համամիութենական շարժումին պատասխանատու հովիւ՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան, հանդիսապետութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ մարոնիթ, Ղպտի, Քաղտէացի, Յոյն, Ասորի, Աւետարանական Եկեղեցիներու կղերական ներկայացուցիչներու եւ Լիբանանի Եկեղեցիներու համամիութենական շարժումի պատասխանատու հովիւ՝ Սէմաան Աթալլա եպիսկոպոսի։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարարներ՝ Սալիմ Սայէղ, Սալիմ Ուարտէ, նախկին նախագահ Էմին Ժմայյէլի ներկայացուցիչ, երեսփոխաններ՝ Սերժ Թուրսարգիսեան, Միշէլ Ֆարաուն, Շանթ Ճէնճէնեան, Ժան Օղասապեան, Սեպուհ Քալբագեան, Արթիւր Նազարեան եւ հաւատացեալներու հօծ ներկայութեամբ, «Թելէ Լումիէր» հեռուստացոյցի պատկերասփռումով։
Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի խօսքով. «Մի դադրի՛ք աղօթելէ»։ Ապա ան շեշտեց աղօթքի կարեւորութեան վրայ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ աղօթքով մենք ուղղահայեաց յարաբերութեան մէջ կը մտնենք Աստուծոյ հետ, որմէ կը բխի հորիզոնական կապերը միւսներուն հետ։ Ան շարունակեց ըսելով թէ՝ միութիւնը կը պատահի երբ մենք կը միանանք Աստուծոյ, ապա մեր եղբայրակիցներուն հետ։
Տէր Աւետիք մէջբերումներ կատարեց Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքէն, բացատրելով այն կանոնները, որոնք կը թելադրեն աղօթքի եւ միութեան։
Ան նաեւ յիշեց սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի թելադրանքները, թէ «երբ քրիստոնեաները աղօթեն միասնաբար, աւելի կը մօտենան միութեան նպատակին»։ Տէր Աւետիք նշեց նաեւ թէ բաժանումները մեզ կը հեռացնեն Քրիստոսի փափաքէն եւ մեր առաքելութենէն, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ։
Ան ըսաւ. «Միութիւնը կատարելու համար անհրաժեշտ է տեսնել ամէն անձի մէջ Աստուծոյ պատկերը։ Խնդրենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ միջամտութիւնը, ինչպէս որ ան միջամտեց Կանայի հարսանիքին եւ Քրիստոս ջուրը փոխեց գինիի, այսպէս ալ Քրիստոս կարող է Աստուածամօր միջամտութեամբ փոխել մտայնութիւնները, սրտերն ու դիտաւորութիւնները»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը փոխանցեց իր պատգամը համամիութենական շարժումի կարեւութեան մասին, շեշտելով քարոզչութեան կարեւորութիւնը, Աւետարանի արժէքները ապրելով։ Ապա բոլոր ներկայ քահանաները հաւաքուեցան եւ միասնաբար աղօթեցին Եկեղեցիներու համամիութեան համար։
Յետոյ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ հիւրասիրութիւն հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ