Հռոմ
Երկուշաբթի, 18 մարտ 2013-ին, Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները ժողով մը գումարեցին Հռոմի մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան նախօրեակին։ Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, մարոնի Պշարա, յոյն ուղղափառ Լահհամ, ասորի կաթողիկէ Եուսէֆ, Աղեքսադրիոյ կաթողիկէ ղպտի Սահակ եւ գաղտէացի Սագօ պատրիարքներու կողքին։ Ժողովին հաղորդագրութեան մէջ, հայրապետները շնորհաւորեցին նորընտիր ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը Եկեղեցւոյ նոր առաջնորդին, իր սրբազան առաքելութեան մէջ։ Ժողովական հայրերը քննարկեցին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակը եւ կոչ ուղղեցին երկխօսութեան ու հաշտութեան, որպէս միակ ուղին՝ խաղաղ եւ առողջ լուծումներ գտնելու համար, մանաւանդ Սուրիոյ հիմնախնդիրի պարագային։ Աւարտին, անոնք հրաւիրեցին արաբական աշխարհի բոլոր հաւատացեալները վերապրելու Յարութեան խորհուրդը, որպէսզի խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն տիրէ Արեւելքի իսլամ եւ քրիստոնեայ եղբայրակիցներուն միջեւ։