Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2013 - Քահանայական եւ կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւններ պատրիարքական թեմէն ներս

Պէյրութ

Շաբաթ, 31 օգոստոս 2013, երեկոյեան ժամը 5.30-ին, Պէյրութի «Սուրբ Եղիա – Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Տէր Պօղոս սրկ. Նահապետեանի քահանայական, ինչպէս նաեւ եղբ. Խաչիկ Սայեղի եւ եղբ. Արմէն Տոնպուրեանի կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւնները՝ ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, ձեռնադրեալներու հարազատներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յընթացս սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետեւեալ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն.

«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր,
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ, Արժանապատիւ հայրեր եւ Յարգոյապատիւ սարկաւագներ,
Նահապետեան, Ներսէսեան, Սայեղ, Տոմպուրեան եւ Քիզիլեան ընտանիքներու հարազատներ
Սիրեցեալ հաւատացեալներ,

 Մեծ ուրախութիւն մըն է որ Աստուած մեզի կը շնորհէ այսօր՝ քահանայութեան  եւ կիսասարկաւագութեան կոչելով նոր առաքեալներ, յանձին Տէր Պօղոս սարկաւագ Նահապետեանի՝ Երուսաղէմի եւ Ամմանի Եկզարքութենէն, Խաչիկ Սայեղի եւ Արմէն Տումպուրեանի՝ Պատրիարքական թեմէն:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեր աղօթքները միշտ կը լսէ եւ ամէն ատեն անձնուէր եւ քաջ հաւատացեալներ կ'ընտրէ շարունակելու համար հայ ժողովուրդին ի նպաստ Աւետարանումի գործը, որուն հիմը դրած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը Դ. դարուն սկիզբը, եւ որ կը շարունակուի անընդհատ մինչեւ մեր օրերը։ Յիրաւի, քահանայական կոչումը յատուկ կոչ մըն է Յիսուսի կողմէ, եւ ո՛չ մարդկային փափաքի մը կամ ծրագիրի մը արդիւնքը։
Սիրեցեալ որդեակներ՝ Տէր Պօղոս, Խաչիկ եւ Արմէն, յիշէցէ՛ք որ քահանային առաջնահերթ պարտականութիւնն է Յիսուսին գթառատ սէրը մարդոց հաղորդել, մանաւանդ կարօտեալներուն՝ աղքատները, լքուածները եւ տառապողները, որպէսզի ամէն մարդ Յիսուսը լաւ ճանչնայ եւ անոր մօտենայ:
Սիրելիներ, մի՛ մոռնաք, որ ժողովուրդին համար՝ քահանան Յիսուսի ներկայացուցիչն է։ Ասոր համար, պէտք է աշխատիք հարազատ պատկերը դառնալու ներող եւ գթառատ Յիսուսի անտեսանելի ներկայութեան, ինչպէս մեզի օրինակը տուին մեր սուրբ Հայրերը եւ բազմաթիւ ուրիշ սուրբեր։
Անցեալ Յուլիս 27-ին, Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն ընթացքին՝ Պրազիլ, Նորին Սրբութիւնը՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսք մը ուղղեց Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ ժառանգաւորներուն, զիրենք քաջալերելով յատուկէն օգնելու երիտասարդներուն՝ որպէսզի վերագտնեն հաւատքէն բխած քաջութիւնը եւ ուրախութիւնը, եւ զիրենք պատրաստելու առաքեալ դառնալու իրենց միջավայրին մէջ: Այս առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը վեր առաւ հետեւեալ հիմնական գաղափարները, որոնք կը հային քահանայական կոչումին:
Առաջինը՝ Աստուծոյ կողմէն կոչուած ըլլալն է, ըստ Յիսուսի խօսքին ուղղուած իր առաքեալներուն երբ անոնց ըսաւ. «Ոչ թէ դուք զիս ընտրեցիք, այլ ես ձեզ ընտրեցի» (Յովհ. 15,16): Կոչուած անձը, կ'ըսէ սրբ. Պապը, պէտք է յիշէ միշտ, որ ինքը կոչուած է Յիսուսի հետ մնալու համար, եւ անոր հետ միացած մնալու: Մեր կեցութիւնը Յիսուսին հետ պիտի ըլլայ մեր առաքելութեան յաջողութեան ապահովութիւնը: Արդարեւ, Յիսուս իր խօսքը կը շարունակէ ըսելով առաքեալներուն. «Ես ձեզ հաստատեցի, որպէսզի երթաք, պտուղ բերէք եւ ձեր պտուղը մնայ» (Յով. 15,16): Ուստի, ծրագիրները եւ ժողովները չեն որ պտուղ պիտի բերեն, այլ Յիսուսին միացած ըլլալը եւ հաւատարիմ մնալը Յիսուսին, որ մեզի ըսաւ. «Մնացէ՛ք իմ մէջս, եւ ես ձեր մէջ» (Յով. 15,4): Յիսուսին մէջ մնալ՝ կը նշանակէ իր մասին խոկալ, զինք պաշտել, իրեն հետ յաճախ խօսիլ: Քրիստոսին հետ ըլլալ՝ չի նշանակեր մեկուսանալ, այլ իրմէ շնորհք ստանալ զայն ուրիշներուն փոխանցելու համար, մանաւանդ ամենէն կարօտեալ անձերուն:
Երկրորդ՝ մենք կոչուած ենք սուրբ Աւետարանը քարոզելու, ըստ Յիսուսի խօսքին առաքեալներուն՝ երկինք չելած. «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը» (Մտթ. 28,19): Յիսուսի այս հրաւէրին դիմաց, ոմանք կրնան վախնալ, մտածելով որ առաքեալ եւ քարոզիչ ըլլալ կը նշանակէ ընտանիք, բարեկամներ եւ տունը ձգել: Աստուած այդ չէ որ կը խնդրէ: Աստուած ձեզմէ կը խնդրէ նախ եւ առաջ որ առաքեալ ըլլաք ուր որ էք եւ հարազատ քրիստոնեայ կեանքի վկայութիւն տաք: Առաքեալ ըլլալ կը նշանակէ իր տնեցիները, գործի կամ ուսումի ընկերները եւ իր բարեկամները աւետարանել իր կեանքի վարմունքով: Երբեմն ասիկա դժուար կը թուի մեզի, բայց քրիստոնեան երբ հասկնայ եւ համոզուի, որ սուրբ Հոգին է որ իր մէջ պիտի գործէ, ինչպէս դեռատի Մարիամին մէջ, որ երբ լսեց հրեշտակին պատգամը Յիսուսին մայր ըլլալու, զարմացաւ եւ հրեշտակին հարցուց. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ասիկա»: Եւ երբ հրեշտակը իրեն ըսաւ «մի՛ վախնար Մարիամ, սուրբ Հոգին պիտի գայ քու վրայ», Մարիամին սիրտը հանգստացաւ եւ ըսաւ. «Աստուծոյ աղախինն եմ ես, թող ինծի ըլլայ քու խօսքիդ համաձայն»: Եւ դեռատի Մարիամը դարձաւ Յիսուսին մայրը, օրինակ դարձաւ ամէն քրիստոնեային օրինակը եւ կոչուեցաւ Աւետարանումի աստղը: Այս է վիճակը ամէն հաւատաւորին, որ Մարիամի օրինակին համոզուած է, որ սուրբ Հոգին, ինքը պիտի կատարէ աւետարանումի գործը իր միջոցաւ:
Մեր երկնաւոր մօր, Մարիամին նմանելու համար, քահանան պարտի աղօթքի մարդ դառնալ, այսինքն պարտի ամէն օր Յիսուսին դիմել որեւէ գործ մը սկսելէ առաջ, որպէսզի այդ գործը օրհնուած ու արդիւնաբեր ըլլայ, եւ  կատարուի Աստուծոյ կամքին համաձայն, եւ կատարուի միմիայն Աստուծոյ փառքը փնտռելով։ Քահանան որ իր օրը աղօթքով կը սկսի եւ Յիսուսին հետ ամփոփումի պահ մը կ'անցնէ, կը յաջողի նաեւ իր գործը աւելի լաւ դասաւորել։
Սիրելիներ, ջերմագին մաղթանքներս կը յայտնեմ բոլորիդ, մանաւանդ նոր առաքեալներուն եւ անոնց պատուարժան ընտանիքներուն:
Խօսքս կը փակեմ ձեզմէ խնդրելով, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք յատուկէն ձեր առաջնորդները ու զօրավիգ կանգնիք ձեր հոգեւոր հովիւներուն, եւ յատուկէն՝ նորօծեալ Տէր Պօղոսին, որպէսզի արդիւնաշատ առաքելութիւն կատարէ Յիսուսի սրտին համաձայն։ Նոյնպէս՝ կիսասարկաւագներ Խաչիկին եւ Արմէնին, որպէսզի, Աստուծոյ շնորհքին վրայ իրենց յոյսը դրած, շարունակեն իրենց նուիրումի ճանապարհը:
Թո՛ղ Երանելի Կոմիտաս քահանայ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նահատակները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր սուրբերը բարեխօս ըլլան ձեզի համար Աստուծոյ առջեւ եւ ձեզ սրբութեան առաջնորդեն. ամէն»։

Նշենք, որ նորօծ քահանայ՝ Տէր Պօղոս Նահապետեան պիտի ծառայէ Ամմանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ