Պէյրութ, Լիբանան
Չորեքշաբթի՝ 6 Փետրուար 2008ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրաոյն Վարժարանը հիւրընկալեց Էվերեսթ լերան գագաթը հերոսաբար բարձրացած լիբանանցի՝ Մաքսիմ Շահիան:
Մեծարգոյ հիւրին նախ դիմաւորեց վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, խօսելով անոր հետ վարժարանի անցեալի եւ ներկայի մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացնելով անոր վարժարանի կայքէջին: Ապա Մաքսիմ Շահիան շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ, ապա տնօրէնութեան հրաւէրով ուղղուեցաւ Հ.Կ.Մ.ի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահ, ուր բուռն ծափողջոյններով ան դիմաւորուեցաւ մեսրոպեանցի աշակերտներուն կողմէն:
Այնուհետեւ Մեսրոպեանի Մարզական Յանձնախումբի անունով ողջոյնի խօսք կարդաց Պր. Մարուան Էկօն, որ ծանօթացուց ներկաները հիւրին, որմէ յետոյ բեմ հրաւիրեց Պր. Մաքսիմ Շահիան:
Խօսք առնելով հիւրը, պատմեց աշխարհի եօթ բարձրագոյն լեռնագագաթները կատարած իր նուաճումներուն մասին: Առանձին-առանձին մանրամասնեց իւրաքանչիւր գա•աթը հասնելու ընթացքը: Շահիան սիրով պատասխանեց աշակերտներուն հետաքրքրող հարցերուն, որմէ յետոյ շարունակեց իր զրոյցը, դէպի Էվերեսթի գագաթը ունեցած իր արկածախնդրութեան մասին: Ամբողջ զրոյցի ընթացքին ներկաներուն ցուցադրուեցաւ դէպի բոլոր եօթը բարձունքներուն նուաճումները պատկերող վաւերագրական տեսանիւթը՝ իր մեկնաբանութեամբ:
Հանդիպում-հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ բարձր գնահատեց Մաքսիմ Շահիայի Էվե¬եսթ բարձրանալու հանգամանքը, որովհետեւ ան բարձրացուց նաեւ Լիբանանի անունը համաշխարհային առումով, անջնջելի տեղ զբաղեցնելով մարդկութեան պատմութեան մէջ: Առ այդ Մաքսիմ Շահիայի Մեսրոպեան Վարժարանի անունով Պր. Գալուստ յանձնեց յուշանուէր մը, որուն վրայ գրուած էր. «Գնահատանքի յուշանուէր՝ Մաքսիմ Շահիային, որ Լիբանանի անունը բարձրացուց ինչպէս Էվերեսթ լերն է բարձր»:
Վերջաւորութեան Մաքսիմ Շահիա իր նախաձեռնութեամբ, ներկայ աւելի քան 400 աշակերտներուն առանձնաբար յանձնեց իր 7 նուաճումները պատկերող փոսթ-քարթեր՝ յիշատակի ստորագրութեամբ: