Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2011 - Սումգայիթի ջարդերու 23-րդ տարելիցը Հռոմի մէջ

 

Հռոմ

 

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը բաց նամակ մը ուղղած է,  Սումգայիթի ջարդերու տարելիցին առթիւ, որուն մէջ կը կարդանք .

«Սիրելի ազգայիններ,

Յառաջիկայ 28 Փետրուարին  կը նշուի  Սումգայիթի  ջարդերու 23-րդ տարելիցը, որուն ընթացքին բուռն   կերպով վտարուեցան հայերը  Ադըրբէջանական հողերէն.  մեծ թիւով  հայեր եւ  հազարաւոր հայ բնակիչներ ստիպուած՝ բռնի ոյժով,  թողեցին իրենց ինչքերն ու տուները ու ապաստանեցան այլուր։

Այդ եղաւ կայծը որ վառեց  պատերազմը Լեռնային Ղարաբայի ազատագրումի  համար։

Նոյնիսկ եթէ այսօր  Արցախը ազատ հանրավար եւ ինքնավար  հանրապետութիւն մըն է,  սակայն իր անդորր կեանքը  խանգարուած է,  Ադըրբէջանի նախագահ՝  Ալիեւի  շարունակական պատերազմի սապռնալիքներով ,   շուրջ  քսան տարի տեւող  կրակմարէն ի վեր։

Կացութիւնը իսկապէս լուրջ է, հասած է ժամը  ուղղակիօրէն դիմագրաւելու  հարցը. Պէտք չէ  անշարժ մնանք  պէտք է գործենք մինչեւ որ  Իտալիոյ հանրային կարծիքը   տեղեակ ըլլայ  Հայոց ու Ղարաբաղի իրավիճակին։

 

 Հռոմի Հայ Համայնքի  Խորհուրդը  Սումգայիթի կոտորածի 23-րդ տարելիցին առթիւ,  կազմակերպած է  ՜՜դասախօսութիւն-բանավէճերու՝՝  շարք մը հանդիպումներ, Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ, հետեւեալ նիւթերու մասին. «Ղարաբաղի Իրաւունքները», «Ինչու պատերազմը», «Խաղաղութեան ի նպաստ ճիգեր եւ պատերազմի փորձեր»  եւ «Ժողովրդավար Պետութիւն մը՝ Ղարաբաղը»։

Ուրբաթ՝ 25  Փետրուար 2011-ին ժամը 18.15-ին՝ Հռոմի կեդրոնական թաղամասի՝ սուրբ Նիկողայոսի անուան հրապարակը  գտնուող Խաչքարին առջեւ՝ուր եւ կը գտնուի սուրբ  Նիկողայոսի անուան Հայոց եկեղեցին՝ սոյն հրապարակի Խաչքարին առջեւ  տեղի կ՝ունենայ  հոգեհանգստեան աղօթք եւ ծաղկեպսակի մը  զետեղում, ի յարգանք  Ղարաբաղեան պատերազմի զոհերուն։

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը իր կոչը կ՝եզրափակէ ըսելով. «Անտարբերութիւնը  Ղարաբաղի հարցին հանդէպ, կրնայ զայն մահուան վտանգի ենթարկել։ Միասնաբար ոգեկոչենք մեր զոհերը հաստատելով որ Ղարաբաղը առանձին չէ եւ երբեք առանձին պիտի չմնայ»։ 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ