Շաբաթ, 1 Յունիս 2013 - Հաղորդագրութիւն
Պէյրութ

Կիրակի 2 յունիս 2013, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը պիտի մեկնի Իտալիա, ուր իր անդրանիկ հանդիպումը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, երկուշաբթի օր՝ 3 յունիսի առաւօտեան Վատիկանի մէջ, ստանալու համար Սրբազան Հօր օրհնութիւնը եւ վերահաստատելու հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անունով հաղորդութիւնը Սուրբ Աթոռին հետ: Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը պիտի նուիրէ Սրբազան Քահանայապետին յուշանուէր մը՝ խաչելութեան պրոնզէ արձան մը, որուն հեղինակն է՝ Րաֆֆի Թոգաթլեան:

Ապա ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հովուապետական այցելութիւն մը պիտի տայ Լեհաստան, ուր նախապէս այցելած էր 2001-ին, հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առթիւ: Այնտեղ զանազան հանդիպումներ ունենայ կարդինալներու եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: 

Հոգեւոր Տէրը պիտի վերադառնայ իր նստավայրը՝ 11 յունիսին:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ