Sermons Sermons
Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2008 - Հայրապետական Պատգամ Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Պէյրութ, Լիբանան

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
 

Աւետման տօնը մեզի կը յիշեցնէ Մարդեղութեան մեծ Խորհուրդը: Այս տարի բացառաբար Աւետումը կը զուգադիպի Յինանցին հետ, մինչ կը կատարենք Յարութեան շրջանը՝ յիսուն օր, Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալստին տօնը:
 
Աւետման տօնը, որ ամէն օր կը խոկանք երբ կÿաղօթենք Հրեշտակ Տեառն աղօթքը, մեր հաւատքի հիացումը կը պատճառէ: Աւետման դէպքը, ինչպէս որ Սուրբ Ղուկաս կը պատմէ իր աւետարանին սկիզբը, խոնարհ եւ ծածուկ պատահար մը եղաւ, որուն ոչ ոք ականատես էր, ոչ ոք ճանչցաւ, եթէ ոչ նոյնինքն Մարիամ, որ զայն պատմեց Ղուկաս աւետարանիչին: Նոյն ատեն, այս պատահարը վճռական դէպք մը հանդիսացաւ մարդկային պատմութեան համար : Երբ Մարիամ իր «Այո»ն ըսաւ հրեշտակի աւետիսին, Յիսուս հղացաւ իր արգանդին մէջ, եւ այդ օրէն ի վեր մարդկային պատմութիւնը նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, որ Յիսուսի Յարութեամբ դարձաւ «Նոր եւ Յաւիտենական Ուխտ»:
Մարիամի «Այո»ն կատարեալ ճառագայթումն է Քրիստոսի «Այո»յին, որ երբ աշխարհ եկաւ, ինչպէս կը կարդանք Եբրացիներու թուղթին մէջ, ըսաւ. «Ահաւասիկ կու գամ, Ո՛վ Աստուած, քու կամքդ կատարելու» (Եբր. 10,7): Միածին Որդիին հնազանդութիւնը իր երկնաւոր Հօր կը ցոլացնէ Մօրը հնազանդութիւնը Աստուծոյ խօսքին՝ հրեշտակին բերնով: Այս երկու «Այո»ները պատճառ դարձան որ Աստուած մարդանայ, որ Յիսուս մարմնանայ Մարիամի որովայնին մէջ: Ասոր համար, Աւետումը Տէրունական տօն է, որովհետեւ կը յիշատակէ Յիսուսի Մարդեղութիւնը:
Մարիամի պատասխանը հրեշտակին. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1,38) կÿընդգրկէ նաեւ Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին՝ ապահովցնելու համար Քրիստոսի ներկայութիւնը ամէն ժամանակաշրջանին համար: Արդարեւ, Յիսուսի եւ Մարիամի «Այո»ները կը կրկնուին ամէն օր Եկեղեցւոյ անդամներու կողմէ նոր «Այո»ներով, արտասանուած քրիստոնեաներէն, ոչ միայն եկեղեցականներէն, կրօնաւորներէն ու կրօնաւորուհիներէն, այլ նաեւ աշխարհականներէն՝ հայրերէն ու մայրերէն, ծերերէն, երիտասարդներէն եւ մանուկներէն, որոնք կը կատարեն իրենց քրիստոնէի ուղիղ դերը տան մէջ, գործին մէջ, ակումբներուն մէջ եւ ընկերութեան մէջ: Աւետարանի այս վկաները ներկայ աշխարհին յոյս կը ներշնչեն, որովհետեւ կը վկայեն թէ Քրիստոսի սէրը դրամէն, բռնութենէն եւ անձնասիրութենէն աւելի զօրաւոր է: Հարկ չկայ որ ամէն քրիստոնեայ նահատակ ըլլայ վկայ դառնալու համար, կարեւորը՝ պատրաստ ըլլալ հաւատքը արտայայտել կեանքի նուիրումով եւ Քրիստոսի ուսուցումներու հաւատարիմ մնալ:
Այս տարի, կը կատարենք Պատրիարքարանի շէնքի եւ Սուրբ Կուսի Աւետման՝ հոս տեղի Եկեղեցւոյ կառուցման եօթանասունհինգամեակի տարեդարձին բացումը: Արդարեւ, Մարտ 9, 1934ին, երջանկայիշատակ Աւետիս տասնչորրորդ Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը օրհնեց նորակառոյց Պատրիարքարանի շէնքը, իսկ նոյն տարին, Ապրիլ 29ին, օծեց Սուրբ Կուսի Աւետման մատուռը՝ որպէս կաթողիկոսական մատուռ, որ յետագային երջանկայիշատակ Իգնատիոս Պետրոս վեշտասաներորդ Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդարձակեց եւ ժողովրդապետական Եկեղեցիի վերածեց:
Այս պահուս, պէտք է յիշատակել որ Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, 1928ի Սիւնհոդոսի վճիռներուն վրայ հիմնուած, ձեռնարկեց այս շինութիւնները: Ստուգիւ, Սիւնհոդոսը որոշած էր վերջ տալ Կաթողիկոսական Աթոռի ներկայութեան Պոլսոյ մէջ եւ զայն վերադարձնել Զմմառու Աստուածամօր վանքը, իր նախնական պատմական Աթոռը, հաստատելով Պէյրութ՝ որպէս Կաթողիկոսական մնայուն նստավայր: 1915ի տխրահռչակ ցեղասպանութեան կոտորածէն ետք, մեր համայնքը արիւնագամ վիճակի հասած էր, եւ ժէյթաուի Պատրիարքարանի ու Սուրբ Կուսի Աւետման մատրան շինութիւնները կարելի եղան շնորհիւ երջանկայիշատակ Պիոս մետասաներորդ Սրբազան Քահանայապետի առատաձեռն նպաստին:
Սուրբ Պօղոս կÿըսէ. «Մենք, կենդանի Աստուծոյ տաճարներն ենք» (Բ. Կորն. 6,16): Յիրաւի, եկեղեցին քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի, ան հաւաքավայրն է կենդանի քարերու, հասարակութիւնը հաւատացեալներու, որոնք միատեղ կու գան աղօթելու եւ իրենց հաւատքը արտայայտելու, առանձնաբար կամ հաւաքաբար՝ գլխաւորութեամբ տեղւոյն առաջնորդին կամ ժողովրդապետին : 
Աստուածամօր մեծարանքի պատճառները բազմաթիւ են: Արդարեւ, այս տարի Լուրտի Աստուածամօր երեւումներու Յոբելինական հարիւր հիսուներորդ տարեդարձը կը զուգադիպի: Այս բարեպատեհ առիթէն օգտուի՛նք, սիրելի եղբայրներ, անգամ մը եւս մտիկ ընելու մեր երկնաւոր Մօր մայրական խօսքերուն: Ան երեւցաւ Լուրտ՝ մտահոգուած ըլլալով, մօր մը նման, իր զաւակներու վիճակին մասին, որոնք Յիսուսէ հեռու կÿապրին, մեղքին մէջ կÿապրին:
Կարելի է հարցնել՝ ին՞չ իմաստ ունին մեզի համար այսօր Լուրտի Աստուածամօր երեւումները: Հոս պէտք է վերյիշել որ արարչութեան սկիզբէն ի վեր, Դրախտին մէջ, Աստուած խօսեցաւ այն պայքարին մասին Կնոջ՝ այսինքն Աստուածամօր եւ Սատանայի միջեւ ու անոնց սերունդներու միջեւ: Այս պայքարը պիտի տեւէ մինչեւ աշխարհի կատարածը: Մենք, որպէս մեր երկնաւոր Մօր հաւատարիմ զաւակներ, պարտինք մաս կազմել անոր բանակին՝ պայքարելու համար չարի ուժերուն դէմ, քաջ գիտնալով որ վերջնական յաղթանակը Յիսուս Քրիստոսի եւ իր հետեւորդներուն վիճակուած է եւ ոչ սատանայի: Այս նպատակին հասնելու համար, Աստուածամայրը մեզմէ կը խնդրէ մաքուր սիրտ, Սուրբ Հաղորդութեան հանդէպ ջերմեռանդութիւն, վարդարանի աղօթքը ամէն օր եւ որքան կարելի է ընտանեօք եւ անձնական ցաւերը սիրայօժար ընդունիլ: Այս հոգեւոր հրահան•ները կրնան աննշան երեւիլ, բայց գիտցած ըլլաք որ անոնք հզօր ոյժ ունին Աստուծոյ մօտ, որուն համար «ամէն ինչ կարելի է»: Եւ ինչպէս երիտասարդ Դաւիթը զգետնեց հսկայ Գողիաթը փոքր քարով մը (1 Սամ. 17, 40-51), նոյնպէս մենք ալ մեր վարդարանի փոքր հատիկներով պիտի յաղթենք մեր ահարկու թշնամիին՝ սատանային: 
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս հոգեպարար հանդիսութիւններուն եւ տարեդարձներուն առիթով, գոհաբանական աղօթք բարձրացնենք Ամենաբարին Աստուծոյ՝ իրմէ ստացած բոլոր շնորհքներուն համար՝ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ: Խնդրե՛նք Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ մեզի թիկունք հանդիսանայ չարին դէմ մեր առօրեայ պայքարին մէջ, նաեւ որպէսզի կարողանանք լիովին, եւ ոչ թէ երբեմն երբեմն, մեր քրիստոնեայ կեանքը ապրիլ անվախ հաւատքով, յարատեւ ուրախութեամբ եւ անխախտ հաւատարմութեամբ:
Ո՜վ Աստուածամայր, Յիսուսի Մայրը եւ մեր երկնաւոր մայր, դուն որ ամենօրհնեալ ես բոլոր կիներուն մէջ եւ Յիսուսը քու որովայնիդ օրհնեալ պտուղն է, խնդրեմ՝ բարեխօսէ մեզի, մեղաւորներուս համար, հիմա եւ մեր մահուան ժամը. Ամէն: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ