Վատիկան
Ուրբաթ, 15 յունիս 2011, սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. նշանակեց մոնսինիոր Քլաուտիօ Կուճերոթի Պելառուսիոյ համար նոր առաքելական նուիրակ։ Մոնսինիոր Քլաուտիօ Կուճերոթի նախապէս 2002-ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի հրամանով, առաքելական նուիրակ նշանակուած էր Հայաստանի, Վրաստանի ու Ազրպէյճանի մօտ։
Յիշենք, որ ան ներկայացուցած էր սուրբ Աթոռը Եւրոպայի արդարութեան նախարարներու 27-րդ համագումարին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 12 եւ 13 հոկտեմբեր 2006-ին։ Ան նաեւ մարդասիրական մեծ ներդրում գործած է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս Վրաստանի եւ հիւսիսային Օսեդիոյ տագնապներուն: