Երեքշաբթի, 28 Օգոստոս 2012 - «Աղօթարար կը սպասենք» կ'ըսէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Վատիկանի Ռատիոկայանին

 

Հռոմ



Հակառակ երկրի ներկայ վրդով եւ տագնապալից վիճակին եւ որոշ մամուլի շահադիտական հրատարակութիւններուն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց հայրապետ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Ռատիովատիկանի հետ ունեցած նոր զրոյցի մը ընթացքին, այսօր հաստատեց  թէ «ամէն օր աղօթարար կը սպասենք սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան, որ խաղաղութեան պտուղներ ու փոխադարձ ներում պիտի յարուցանէ եւ համագործակցութիւն պիտի յառաջացնէ միացնելու համար լիբանանցիները եւ միջին արեւելքի համայն ժողովուրդները։  Առաքելական այս այցելութիւնը Լիբանանի համար չէ միայն, այլ բոլոր Միջին Արեւելքին» կը հաստատէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.։

Արդարեւ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին, սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ.  Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ»։

Այցելութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով, յոյժ կարեւոր է Միջին Արեւելքի մէջ ապրող համայն բնակիչներուն եւ կը շահագրգռէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական։

Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Ժան Լուի Թոռան իր կարգին հաստատած է թէ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի Լիբանան այցելութեան պատրաստութիւնները օրինաւոր կերպով կը շարունակուին:

http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=616253


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ