Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2012 - ՀԿՄ Դամասկոսի ցաւակցական նամակը Գուսան արքեպիսկոպոսի մահուան առթիւ


Դամասկոս, 12 յուլիս 2012


Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկէ Հայոց։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր,

Մեծ ցաւով իմացանք Արհի. Պօղոս Արք. Գուսանի մահուան լուրը։ Կը ցաւակցինք Ձեզի ու մեր նուիրապետութեան բոլոր հոգեւորական հայրերուն ու կ՚աղօթենք որ երկնային տէրը իր հոգին ընդունի սուրբերու շարքին ու շնորհէ յաւիտենական հանգիստ երկնային օթեւաններուն մէջ։

Երկար տարիներ վայելած ենք հանգուցեալ Գերապայծառ տիրոջ ներկայութիւնը Դամասկոսի մէջ որպէս պատրիաքական փոխանորդ։ Ան իր անբասիր վարքով, հանդուրժողականութեամբ, սիրուած էր բոլորէն։ Իր օրերուն Դամասկոսի ՀԿՄ-ը ի շարք համայնքային այլ կազմակերպութիւններու, ապրեցաւ վերելք, շնորհիւ իր քաջալերանքին ու վստահութեան։

Կը մաղթենք որ Տէր Աստուած մեր համայնքը օժտէ  նոր կոչումներով, որոնք Ս.Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ շարունակեն Գուսան Արքեպիսկոպոսի ու մեր բոլոր նուիրեալ հոգեւորականներու ազնիւ ու բարի աշխատանքը, ի սպաս մեր հայկական եկեղեցւոյ  պայծառացման։  

 

Ի դիմաց ՀԿՄ-ի խորհուրդին՝

Ատենապետ                                                            Ատենադպիր                                                                    
Սարգիս Քէշիշեան                                                 Արամ Գայայեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ