Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2009 - Գինեձօն Հայր Մեսրոպ Թօփալեանի Հայր Սահակ Կոգեանի Նուիրուած Հատորին

 
Այնճար, Լիբանան
 


Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2009-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի Ազգային «Յառաջ» վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին, իւրայատուկ ձեռնարկով մը տեղի ունեցաւ հայր Մեսրոպ Թօփալեանի (Մեսրոպ Հայունի) կողմէ հրատարակուած վերջին հատորի շնորհահանդէսը՝ 2008-ին հրատարակուած «Գերապայծառ Դոկտ. Հայր Սահակ Եպիսկոպոս Կոգեան» խորագրով: Ստուար հատոր մը՝ գերապայծառ հայր Սահակ եպիսկոպոս Կոգեանի դիւանային երկասիրութեանց (685 էջ) նուիրուած:

Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, միութեանց եւ կոմիտէի ներկայացուցիչները, Այնճարէն եւ Զահլէէն մեծաթիւ հայորդիներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Յակոբ Այնթապլեան, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքի երկար տարիներու հոգեւոր հովիւ հայր Յովհաննէս վրդ. Օրջանեանի, որ վերջերս վախճանած էր Զմմառու վանքին մէջ:

Յակոբ Այնթապլեան անդրադարձաւ Մեսրոպ Հայունիի գրական բեղուն գործունէութեան՝ յայտնելով, որ՝ «Այսօրուան հատորը վարդապետին հրատարակած գործերուն 43-րդն է, մինչ կան տակաւին հրատարակութեան պատրաստ շուրջ 15 գործեր... Վերջին քանի մը տարիներուն, Այնճարի մէջ վարդապետը հրատարակած է իր գործերէն ինը հատոր՝ գործունէութեան բեղուն շրջան մը բոլորելով»: Ան յայտնեց, որ այսօր հայ գիրքով լիցքաւորուելու առիթ է՝ բարձր գնահատելով հայր Մեսրոպ Թօփալեանի գրական գործունէութիւնը:

Ձեռնարկի առաջին բաժինով դաշնակի վրայ երկու գործերով հանդէս եկաւ Լորի Այնթապլեան, որ ներկայացուց շարական մը եւ Առնօ Պապաջանեանի գործերէն մէկը: Ապա «Գերապայծառ դոկտ. հայր Սահակ եպիսկոպոս Կոգեան» հատորը ներկայացուց Մեսրոպ Քենտիրճեան: Գեղեցկօրէն զարդարուած սեղանին դիմաց, որուն վրայ զետեղուած էր հայր Սահակ Կոգեանի մեծադիր նկարը (գործ՝ Անտրէ Քենտիրճեանի), Մեսրոպ հանգամանօրէն ներկայացուց հատորի ծննդոցի պատմութիւնը, երկար տարիներու պրպտումի աշխատանքները եւ բովանդակութեան այլազան գլուխները: Հատորէն բազմաթիւ մէջբերումներ կատարելով՝ Մ. Քենտիրճեան ներկաներուն ներկայացուց Սահակ եպս. Կոգեանի կեանքի այլազան հանգրուանները (1895-1963), սկսելով Ախալցխայէն եւ անցնելով Վիեննայէն, Ջաւախքէն, Պոլիսէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Նիւ Եորքէն, Պոսթընէն, Վատիկանէն, Պէյրութէն...

Մ. Քենտիրճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սահակ Կոգեան հայ հոգեւորականը, մտաւորականը, ազգային հարցերով տագնապող մեծ եկեղեցականը: Մանրապատումներու միջոցով Մ. Քենտիրճեան յաջողեցաւ վերակենդանացնել հայր Սահակ Կոգեանի լուսաւոր կերպարը, որուն նմաններուն այնքան պէտք ունի մեր ժողովուրդը:

Իր խօսքի աւարտին Մ. Քենտիրճեան շնորհաւորեց հայր Մեսրոպ Թօփալեանը իր այս աշխատանքին համար՝ բարձրօրէն գնահատելով հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքը, որուն ծնունդն է այս հատորը:

Ապա տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնի արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ ներկայ բոլոր հոգեւորականներուն եւ հեղինակին: Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի օրհնութեամբ հատորը գինիով օծուեցաւ յատուկ աղօթքով մը:

Իբրեւ անակնկալ՝ ներկայացուեցաւ յատուկ աղօթք մը Լիա Գէօհիւլեանի կողմէ (դաշնակի ընկերակցութեամբ Սօսէ Այնթապլեանի), որուն բառերը հայր Մեսրոպ Թօփալեանի կը պատկանէին...

Ձեռնարկի աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց հեղինակը: Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կրցած է իրականացնել իր երկար տարիներու երազը եւ Հռոմի մէջ գոյութիւն ունեցող հայր Սահակ Կոգեանի անշուք գերեզմանին դիմաց կանգնած է այս յուշարձան-հատորը՝ ի յիշատակ այս լուսաւոր հոգեւորականին եւ մեծ հայուն: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, մշակութային յանձնախումբին եւ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն:

Ձեռնարկի աւարտին փափաքողները կրցան ունենալ իրենց օրինակները՝ հեղինակին մակագրութեամբ (հասոյթը Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Ռուբէն Նաքեան» նկարչական դպրոցին): Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն՝ Այնճարի հայ կաթողիկէ Տիկնանց միութեան կողմէ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ