Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մեկնի Երեւան

 

Պէյրութ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մեկնի Երեւան 22 ապրիլ 2015-ին, մասնակցելու համար Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան» հասարակական քաղաքական համաժողովին: Այնուհետեւ ապրիլ 23-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Երեւանէն պիտի մեկնի Մոսկուա 24 ապրիլին, մասնակցելու համար «Մեծ Եղեռնի» 100 ամեակի յիշատակումի արարողութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենան 26 ապրիլին:

 

Պէյրութ 27 մարտ 2015

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ