Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2013 - Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Խաղաղութեան համաշխարհային 46րդ օրուայ առթիւ

Վատիկան

Երեքշաբթի, 1 յունուար 2013-ին, Խաղաղութեան համաշխարհային 46րդ օրուայ առթիւ, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան մատոյց գոհաբանական Սուրբ Պատարագ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները։ Այս առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը ''Երանի խաղարարներուն'' խորագրով պատգամ մը ուղղեց։

Պատգամի նախաբանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. «ամէն ամանոր իր հետը կը բերէ ակնկալութիւն եւ իղձ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու համար։ Այդ հեռանկարով, աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած` մարդկութեան Հօր, որ մեզի շնորհէ համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն, որպէսզի բոլորին համար իրականանայ երջանիկ ու բարգաւաճ կեանքի մը ակնկալութիւնը»։
«Մեր ժամանակաշրջանը - կը շարունակէ Սրբազան Հայրը - յատկանշուած է համաշխարհականացումով, իր դրական ու ժխտական երեւոյթներով, ինչպէս արիւնալի ընդհարումներով ու բարիքներու անարդար բաշխումով, եւ մեզմէ կը պահանջէ վերանորոգ յանձնառում մը հասարակաց բարիքի ու բարգաւաճումի փնտռտուքի ի խնդիր։ Բայց եւ այնպէս - կը հաստատէ Ան - մխիթարական է դիտել, որ խաղաղութեան բազմաթիւ ներգործութիւնները, վկայութիւն մըն են մարդկութեան բնածին կոչումին ձգտելու` խաղաղութեան։ Եւ այս գիտակցութեամբ է, որ իմ այս պատգամս ներշնջուած է Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքէն. «Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կ'եզրափակէ զգուշացնելով «կեղծ խաղաղութենէն, որ այս աշխարհի երկրպագուները կը խոստանան», եւ մէջբերելով երանելի Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետի խօսքը «հայցենք Աստուծմէ, որ լուսաւորէ ազգերու պատասխանատուները որպէսզի գործեն հոգատարութեամբ իրենց ժողովուրդին բարրօրութեան համար եւ պաշտպանեն խաղաղութեան շնորհքը»: Աւարտին կը գրէ. «մեր այս աղերսով կը մաղթեմ որ բոլոր մարդիկը դառնան խաղաղարարներ, այնպէս որ մարդու քաղաքը աճի ներդաշնակ եղբայրակցութեան, բարրօրութեան եւ խաղաղութեան մէջ»։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=651729


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ