Պէյրութ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինի անդամները երեքշաբթի, 6 մայիս 2014-ին, Պէյրութի մէջ Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ` ի յիշատակ Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան կիրարկած քաղաքականութեան զոհ գացած լիբանանցի նահատակներուն: Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Արամ Գարատաղլեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս նախաձեռնութեան: