Պէյրութ, Լիբանան
Չորեքշաբթի 29 սեպտեմբեր 2010-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը մեծ շուքով ընդունեց Քրիստոսի Պատանքի կրկնօրինակը:
Այս պատանքը նուէր է Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի արքեպիսկոպոս կարդինալէն:
Պատանքի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ժէիթաուի, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, մասնակցութեամբ կղերական դասին եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան. ինչպէս նաեւ Իտալիայէն ժամանած AMCOR խումբին անդամներուն: Ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ դեսպանը Լիբանանի մէջ Կապրիէլէ Գէգիան:
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով, որուն յաջորդեց հոգեւոր տիրոջ պատկերի օրհնութեան աղօթքը:
Օրհնութենէն ետք, AMCOR խումբին հոգեւոր վարիչ՝ գերյարգելի Ճուզէբբէ Կիպերդի խօսք առաւ որով փոխանցեց Թորինօյի կարդինալին ջերմ ողջոյնները եւ գնահատեց հաւատացեալներու ներկայութիւնը:
Յաջորդաբար հոգեւոր տէրը շնորհակալական պատգամով մը յիշեց իր ուխտագանացութիւնը դէպի Թորինօ, այն շրջանին երբ տեղադրուած էր պատանքի բուն օրինակը:
Ապա, խաչի քո Քրիստոսի շարականէն ետք եւ Քում ամենազօր աղօթքով վերջ գտաւ սոյն արարողութիւնը:
Հանդիսութենէն ետք, հոգեւոր տէրը պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց իտալիայէն ժամանած խումբը, եւ որուն ընթացքին յուշանուէրներ բաժնեց անոնց:
Յիշենք որ պատանքի ընդունելութեան պատրաստութեան ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պուրճ Համմուտի սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ցուցադրուեցաւ Քրիստոսի Պատանքին մասին պատրաստուած պատմական յատուկ տեսաերիզ մը: