Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2009 - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Յիսնամեակի Ս. Պատարագ

Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի 4 Յունուար 2009-ին, Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս.Եղիա եկեղեցւոյ յիսնամեակի պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Ժան Օղասապեան եւ երեսփոխաններ Միշէլ Ֆարաուն, Աթէ‎Ֆ Մաժտելէնի, Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին երեսփոխան Ժագ Չուխատարեան եւ այլ քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններ: Ս.Պատարագի ընթացքին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը.

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ
Առաքինափայլ Քոյրեր
Հանգամանաւոր քաղաքական, կուսակցական, կրթական, բարեսիրական եւ լրատուողական անձնաւորութիւններ
եւ յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,

Այսօր կը կատարենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ յիսնամեակի տարեդարձը: Արդարեւ, 3 Յունուար 1959ին, երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս տասնհինգերորդ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը նորակերտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը կատարեց մեծ հանդիսութեամբ, ի ներկայութեան Հայ Կաթողիկէ կղերին եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Ներկայ էին Վսեմաշուք Կարդինալ Թափփունի, ասորի կաթողիկէ Պատրիարքը, Առաքելական նուիրակը եւ այլազան համայնքներէ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ:
Յաջորդ օրը, 4 Յունուարին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական սուրբ Պատարագը, զոր մատոյց Ամենապատիւ Կարդինալ Աղաճանեանը եւ որուն ներկայ եղան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վսեմաշուք Զօրավար Ֆուատ Շեհապ: Ներկայ էին նաեւ զանազան համայնքներու հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ կառավարական մարմիններու բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
Այս առիթով՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ընդհանրապէս նոր եկեղեցւոյ կառուցման վաստակաւորներուն եւ յատկապէս բոլոր բարերարներուն: Իր հայրապետական պատգամէն յիշենք սա հոգեբոյր խօսքերը. «Չորս տարիներ անցած են այն օրէն ի վեր, երբ մայրաքաղաքին այս կեդրոնական շրջանին մէջ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մը շինութեան ծրագիրը սկսաւ իրագործուիլ: Հիմա, այս երջանիկ առիթով, կ’ըմբռնենք Ս. Օգոստինոսի հետեւեալ խօսքերուն արժէքը. «Շինութիւնը աշխատանք կը պահանջէ. օծումը ուրախութիւն կը բերէ»:  Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Օրինակելի քրիստոնէական համակերպութեամբ, մեր յարգելի եւ երջանկայիշատակ նախորդները, կորսնցնելէ յետոյ իրենց թեմերը եւ հեռու մնալէ յետոյ իրենց հօտերէն, երազած են այս տաճարը, հպատակելով գոյավիճակի մը, որ խոնարհեցուցիչ եղած է իրենց պատրիարքական արժանապատուութեան: Վերջապէս, եռանդա•ին աղօթքը եւ զոհողութիւնները այնքան հոգիներու, որոնք խնդրած են Աստուծմէ որ սկսուած գործը աւարտի ի փառս մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի, կարեւոր չափով սատարած են այս Եկեղեցւոյն շինութեան», ըսաւ Կարդինալ Աղաճանեանը:
Այս եկեղեցին նկատուած է Մերձաւոր Արեւելքի ամենագեղեցիկներէն մին: Անոր ճարտարապետները եղան՝ Տիարք Բասքալ Բապուճեան եւ Էլի Ղուկաս:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Եկեղեցին՝ քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի, ան հաւաքավայրն է կենդանի Եկեղեցւոյ, որ է բազմութիւնը հաւատացեալներու, որոնք միատեղ կու գան աղօթելու եւ իրենց հաւատքին համոզումը արտայայտելու՝  առանձնաբար կամ հաւաքաբար գլխաւորութեամբ իրենց հովիւին:
Սուրբ Պետրոս Աառաքեալը կը խրախուսէ նորադարձ քրիստոնեաները սա խօսքերով. «Մօտեցէք անոր - այսինքն Յիսուս Քրիստոսին − որ է վէմ կենդանի... դուք ալ իբրեւ կենդանի վէմեր կը կառուցուիք իբրեւ տաճար հոգեւոր, . . . որպէսզի Յիսուս Քրիստոսով ընծայէք Աստուծոյ հաճելի եւ հոգեւոր զոհեր» (Ա. Պետ. 2, 4-5):
Այո՛, սիրելիներս, կենդանի եկեղեցին դուք էք: Ու երբ կը տօնենք այսօր այս քարաշէն տաճարին կառուցման յիսնամեակը, ձեր հասարակութիւնը կը տօնենք, ձեզ կը տօնենք: Այս տօնը իրաւամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան եւ անոր իւրաքանչիւր հաւատացեալին տօնն է:
Ամէն եկեղեցի եղած է ըլլալու իր զաւակներուն համար միասնականութեան տունը եւ կրթիչ դպրոցը: Այս միասնականութիւնը կրնայ իրականանալ միմիայն, երբ հաւատքով չափահաս հաւատացեալները իրար զիրար սիրեն, իրարու ներեն իրենց յանցանքերը եւ իրարու հետ համագործակցին, մանաւանդ զանազան Յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անդամները:
Այս յիսուն տարիներու ընթացքին եռանդուն հովիւներ ունեցաք, որոնք անսպառ նուիրումով ձեր հոգատարութիւնը յանձն առին, ձեզ ամրապնդելով քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ արծարծելով ձեր մէջ տոհմային ոգին: Անոնք եղան մատակարարներ սուրբ Խորհուրդներու, բայց աւելի՝ եղան բաշխիչներ աստուածային գթութեան եւ սիրոյ:
Ա յս սուրբ տաճարին մէջ, հարիւրաւոր երեխաներ Աստուծոյ որդիներ դարձան՝ մկրտութեամբ սուրբ Աւազանին մէջ: Նոյնպէս, զոյգերու պսակները օրհնուեցան եւ բազմաթիւ մանուկներ Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունեցան: Քանիներ՝ ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդին ապաւինած՝ վերագտան իրենց սրտի խաղաղութիւնը: Քանի ու քանի մահամերձներ ստացան հիւանդներու օծումը եւ սփոփած սրտով՝ պատրաստուեցան մեծ հանդիպումին, Աստուծոյ հայրական գութին եւ հոգիներու դատաւորին հետ: Կարելի չէ գնահատել այն բոլոր շնորհքները, զոր Յիսուս պարգեւեց ամէն մէկ խոնարհ հաւատաւորին: Անոնք գրուած են յաւիտենական դպրութեան գիրքին մէջ:
Յոյժ սիրելիներ, որքան երախտապարտ պէտք է ըլլաք ձեր հովիւին հանդէպ եւ աղօթէք իրեն համար, որպէսզի ուրախութեամբ եւ անձնուրաց հոգիով շարունակէ իր նուիրումի հովուական պաշտօնը: Կարեւոր է նաեւ յիշել հանգուցեալ ժողովրդապետները: Աղօթեցէ՛ք յատուկ կերպով քահանայական կոչումներուն համար՝ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին համաձայն. «Հունձքը առատ է, բայց մշակները քիչ են. աղաչեցէ՛ք ուրեմն հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին» (Մտթ. 9, 37-38):
Այսօրուան աւետարանը իմաստալից է Լիբանանի մթնոլորտին եւ մտայնութեան մասին: Կը զրուցէ առաքեալներուն միջեւ եղած մրցակցութիւնը, թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուսի պատասխանը յստակ եղաւ՝ «Ձեր մէջէն մեծը՝ թող ըլլայ ամէնէն պզտիկին պէս եւ կառավարողը՝ ծառայողի նման»: Եւ իրենց օրինակ տալով կ’աւելցնէ «Ես ձեր մէջ ծառայողի նման եմ»:
Յիսուս քաջալերիչ խոստում մըն ալ կ’ուղղէ առաքեալներուն. «Դուք փորձութիւններուս մէջ միշտ հետս եղաք, եւ ես Արքայութիւնը կու տամ ձեզի» (Ղկ. 22, 26-29): Յիսուսի մխիթարական խօսքերը առաքեալներուն, այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած են:
Պարտք կր համարիմ հոս անկեղծ գնահատանքս արտայայտել ձեր ժրաջան ժողովրդապետին, Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վրդ. Եղիայեանին, որ ո՛չ մի ճիգ չխնայեց ձեր հոգ հոգւոցը ապահովելու: Կարելի չէ չյիշել նաեւ ձեր նախորդ հովիւը՝ Գեր. Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան, որ եկեղեցին շէնցուց եւ ջանաց ձեր բոլորին կարիքներուն հասնիլ:
Կ՛ուզեմ նաեւ սրտագին երախտագիտութիւնս յայտնել Յիսնամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ անդամուհիներուն, եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նուիրուին համայնքի եկեղեցաշէն գործին:
Սիրելիներ, կը մատուցանեմ այս սուրբ Պատարագը ձեր բոլոր բարի եւ աստուածահաճոյ դիտաւորութիւններուն համար. Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ