Պէյրութ
Ըստ դիւան թիւ 265/14 –ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անուանեց Գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը նախագահ սուրբերու դատերու պատրիարքական յանձնախումբին։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը գրէ նաեւ թէ «1915-ի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100 ամեակի թուականը մօտենալով, Սուրբ Աթոռի կողմէ մեր նահատակներուն հռչակումի հարցը համայն Հայ Ազգին եւ յատկապէս Մեր Նուիրապետութեան համար կենսական եւ հրատապ հարցերէն մին է» :
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի