Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2007 - Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին

 

Լիբանան
 

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի՝ 18 Նոյեմբեր 2007ին առաւօտեան ժամը             10:00ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին  վարդապետական գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը:
Ս. Պատարագին ընթացքին հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին վարդապետական գաւազանի տուչութենէն ետք իր պատգամը փոխանցեց Ամենապտիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքը որ յայտնեց թէ հայր Գազանճեանին վարդապետական գաւազանի տուչութիւնը պարզ զարդարանքի մը փոխանցումը չէ, այլ նշեալ գաւազանը ենթակային կու տայ Աստուծոյ վարդապետութիւնը քարոզելու իշխանութիւնը՝ բացայայտելու համար աւետարանական ճշմարտութիւնները:
Հոգեւոր Տէրը նաեւ կոչ ուղղեց ներկաներուն հեռու մնալու սխալ վարդապետութիւններէն եւ հետեւելու եկեղեցւոյ ժողովրդապետներուն եւ քահանաներուն պատգամներուն:
Ապա խօսք առաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ վստահութեան եւ այս նոր պաշտօնին համար, ապա հրաւիրեց ներկաները միասնաբար կրելու այդ գաւազանը իր հոգեւոր առաքելութեան ընթացքին, մաղթելով խաղաղութիւն ամէնուրէք:
Պատարագէն եւ վարդապետական գաւազանի տուչութենէն ետք պատրիարքարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ