Սիրելի այցելու
Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտօնական կայքէջի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, որ կայքէջի լուրերու բաժինը մէկ շաբաթ դադար պիտի առնէ ամառնային արձակուրդներու համար: Տեղեկատուական բաժինը դարձեալ պիտի աշխատի 22 յուլիսէն սկսեալ:
Կը ծանուցենք մեր ընթերցողներուն, որ մեր կայքէջին քարտուղար պատասխանատուն Համփի Էլմաճեան եւ «Աւետիք» պաշտօնաթերթի մեր գործակիցը՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան կը գտնուին Երեւան, մասնակցելու համար ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու կազմաւորման դասընթացքին ինչպէս տեղեկացուեցաւ յատուկ լուրով: