Երկուշաբթի, 8 Օգոստոս 2011 - Գահակալութիւն Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ Արհի. Ռափայէլ արք. Մինասեանին Հայաստանի մէջ


Գիւմրի

Կիրակի, 7 օգոստոս 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, Շիրակի շրջանի Արեւիկի գիւղի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը Արեւելեան Եւրոպայի նորօծ առաջնորդ՝ գերպծ. հայր Ռափայէլ արք. Մինասեանին։ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը սկսաւ թափօրով, նախագահութեամբ գերպծ. հայր Ռափայէլ արք. Մինասեանին, առընթերակայութեամբ՝ հայր Պետրոս Եսայեանի եւ հայր Յովսէփ ծ.վ. Քէլէկեանի։ Գահակալութեան արարողութիւնը սկսաւ Աստուծոյ խօսքի ընթերցումներէն առաջ: Սրբազան քահանայապետին անուանումի կոնդակը ընթերցեց տէր Թաթեւոսեան:
Ապա Գարեգին Բ. վեհափառի ներկայացուցիչ՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու Գուգարաց  թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Սեպուհ սրբազան Ջուլճեան կարդաց ողջոյնի խօսքը, ուր Գարեգին Բ. կ'ողջունէ նոր առաջնորդը եւ համագործակցութեան կոչ կ'ուղղէ։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Միքայէլ սրբազան Աջապահեան, արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան, արհի. հայր Նշան արք. Գարաքէհէյեան, Արեւելեան Եւրոպայի նախկին առաջնորդ՝ հայր Վահան ծ.վ. Օհանեան, հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան, Իտալիոյ Պրէշիա նահանգէն 7 անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն գլխաւորութեամբ՝ մոնսինիոր Իվօ Փանթեկինիի, մոնսինիոր Ճանքարլօ Քալվինիի եւ Պրէշիա քաղաքի մարզպետը՝ Նարչիզա Պրասսեսքօ Փաչէ: Ինչպէս եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան փոխ-նախարար Կամօ Սարգսեան, Շիրակի շրջանի փոխմարզպետ պրն. Սէյրան Պետրոսեան, Լիբանանի պատուիրակութենէն՝ պրն. Սարգիս Նաճարեան, պրն. Վարդան Լաօ եւ եղբայր Ղազար Պետրոսեան: Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի քոյրերը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, Մայր Թէրէզայի Սիրոյ Առաքեալներ միաբանութեան քոյրերը, Սալեզեան միաբանութեան քոյրերը եւ փոքրիկ քոյր Նոէլը:
Այս հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան շրջանի բոլոր հայ կաթողիկէ քահանաները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Սարկագութեան բաժինը կատարեց եղբայր Ղազար Պետրոսեանը:

Խօսք առին նաեւ ընթացաւարտ առաջնորդ հայր Վահան ծ.վ. Օհանեան եւ Շիրակի մարզի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան, որ կոչ ուղղեց հովուական գործակցութեան Շիրակի մարզէն ներս։
Նորօծ առաջնորդ Մինասեան իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի՝ Գարեգին Բ. վեհափառի խօսքին համար։  
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Երեւանի հայ կաթողիկէ քառաձայն երգչախումբը։

Պատարագէն ետք, ժամը 2-ին, տեղի ունեցաւ ճաշ հիւրասիրութիւն մը Գիւմրիի Վանատուր  հիւրանոցին մէջ, ուր հիւրերը ընդունուեցան ՀԿՄ-ի պատանիներու մատուցած հացով եւ աղով, ի պատիւ նոր գահակալին, ինչպէս նաեւ պատուոյ հիւրերուն։ Այս ընթաքին կատարուեցաւ նուէրներու մատուցում նոր սրբազանին եւ ժողովրդային գործիքներով նուագախումբի ներկայացում։   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ